image

Սէուտցիի մը առեւանգումը լարուածութիւն կը ստեղծէ Պէյրութի մէջ

 Սէուտցիի մը առեւանգումը լարուածութիւն կը ստեղծէ Պէյրութի մէջ

Պէյրութի մէջ Սէուտական Արաբիոյ քաղաքացիութիւնը կրող անհատ մը առեւանգուած է։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց լիբանանեան լրասփիւռներէ։

Կը նշուի նաեւ, որ առեւանգողները հազար տոլարի հասնող փրկագին մը պահանջած են ազատ արձակելու համար Սէուտցի քաղաքացին։Իր կարգին Լիբանանի ներքին գործերու նախարար Պասսամ Մաուլաուի յայտարարած է, թէ Ապահովութեան մարմիններ  «երկաթեայ բռունցք»ով պիտի հարուածեն եւ յայտնաբերեն յանցագործ կողմերը։

 Դէպքը մեծ լարում ստեղծած է մայրաքաղաք Պէյրութի մէջ ու չի բացառուիր, որ այն դառնայ քաղաքական օրակարգի ենթահարց։