image

Թրամփ Իրանի հարցով պիտի հանդիպի Ծոցի երկիրներու առաջնորդներու հետ. Axios

Թրամփ Իրանի հարցով պիտի հանդիպի Ծոցի երկիրներու առաջնորդներու հետ. Axios

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յաջորդ շաբաթ Նիւ Եորքի մէջ, ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի շրջածիրէն ներս կը նախատեսէ հանդիպիլ Ծոցի երկիրներու առաջնորդներու հետ՝ քննարկելու Իրանի դէմ պատերազմը։ Այս մասին աղբիւրներ յայտնած են «Axios»-ին։

Սեպտեմբեր 22-ին նախատեսուած բարձր մակարդակի հանդիպման ընթացքին պիտի քննարկուին Իրանի դէմ պատերազմի հետագայ քայլերը, ներառեալ՝ ամերիկեան վարչակազմի յետպատերազմեան ռազմավարութիւնը։

Ըստ տեղեկութիւններու՝ Թրամփի հետ հանդիպման պիտի մասնակցին Սէուտական Արաբիոյ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Քաթարի, Պահրէյնի, Քուէյթի եւ Օմանի ղեկավարները կամ արտաքին գործոց նախարարները։

Աղբիւրներէն մէկը «Axios»-ին յայտնած է, որ հանդիպման կրնան միանալ նաեւ արաբական եւ իսլամական այլ երկիրներու առաջնորդներ։

Պատերազմի ընթացքին Ծոցի երկիրները, ինչպէս նաեւ այդ երկիրներուն մէջ տեղակայուած ամերիկեան ռազմական խարիսխները, ենթարկուած են Իրանի հրթիռային եւ անօդաչու թռչող սարքերու յարձակումներուն։

Պատերազմը տնտեսական հետեւանքներ ունեցած է նաեւ արաբական երկիրներու համար՝ խաթարելով քարիւղի եւ բնական կազի արտահանումը։