image
Հրատապ լուրեր:

Հայաստան-Ռուսիա յարաբերութիւններուն առընթեր լարուածութիւն չկայ. Փաշինեան

Հայաստան-Ռուսիա յարաբերութիւններուն առընթեր լարուածութիւն չկայ. Փաշինեան

ՀՀ վարչապետ, «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան վարչութեան նախագահ Նիկոլ Փաշինեանը Հայաստան-Ռուսիա յարաբերութիւններուն մէջ լարուածութիւն չի տեսներ եւ այդ մասին խօսակցութիւնները կը համարէ արհեստական։

Այս մասին խորհրդարանական ընտրութիւններուն քուէարկելէ ետք ան ըսած է լրագրողներու հետ ճեպազրոյցին՝ պատասխանելով արտասահմանեան լրատուամիջոցներու լրագրողի հարցերուն։

«Ես լարուածութիւն չեմ տեսնում․ դա արհեստական լարուածութիւն է։ Ռուսաստանի հետ մեր յարաբերութիւնները ինստիտուցիոնալ են եւ յենուած են փոխադարձ յարգանքի վրայ»,-ըսած է վարչապետը։

Անոր խօսքով՝ Հայաստանի մէջ գործող որոշ քաղաքական ուժեր կը փորձեն լարուածութիւն ստեղծել Հայաստան-Ռուսիա յարաբերութիւններուն մէջ, սակայն այդ փորձերը արդիւնք չեն տար։

«Հայաստանում գործող որոշ ուժեր փորձում են լարուածութիւններ ստեղծել Հայաստան-Ռուսաստան յարաբերութիւններում։ Այդ լարուածութիւնները չեն ստեղծւում այն պարզ պատճառով, որ Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահի հետ ունենք շատ սերտ յարաբերութիւններ»,- յայտարարած է Փաշինեանը։