image
Հրատապ լուրեր:

Ֆրանսա. Հայ Կաթողիկէ համայնքի Խաչվերացի տօնին առթիւ կազմակերպած՝ դաշտահանդէսը

Ֆրանսա. Հայ Կաթողիկէ համայնքի Խաչվերացի տօնին առթիւ կազմակերպած՝ դաշտահանդէսը

Ֆրանսայի հայ կաթողիկէներու «Սուրբ Խաչ» միութիւնը օրերս Սեւրի Մխիթարեաններու Սամուէլ Մուրատեան վարժարանի պատմական կալուածին մէջ, շուրջ եօթը տարուան դադարէ ետք, վերստին կազմակերպած է իր աւանդական մեծ դաշտահանդէսը՝ համախմբելով շուրջ 350 հայրենակիցներ։

Ֆրանսայի հայ կաթողիկէներու «Սուրբ Խաչ» միութիւնը Կիրակի, Սեպտեմբեր 13-ին, կազմակերպած է իր աւանդական մեծ դաշտահանդէսը, որ այս տարի յատկանշական էր վայրին ընտրութեամբ: Շուրջ եօթը տարուան դադարէ ետք, ձեռնարկը վերստին իրականացաւ Սեւրի Մխիթարեաններու Սամուէլ Մուրատեան վարժարանի պատմական կալուածէն ներս: Այս երկարատեւ դադարը պայմանաւորուած էր հաստատութեան անմատչելիութեամբ, ինչ որ առժամապէս արգելք հանդիսացած էր նման հաւաքներու կազմակերպման: Այս տարի, սակայն, յատուկ արտօնութեամբ թոյլատրուեցաւ մաքրել ու բարեկարգել վարժարանին առջեւի պարտէզը եւ, առանց հաստատութեան շէնքերը օգտագործելու, յաջողութեամբ հիւրընկալելշուրջ 350 հայրենակիցներ: Պէտք է նշել, որ բաւական լայն արձագանգ գտած էր այս ձեռնարկին կազմակերպումը։

Օրուան յայտագիրը սկսաւ առաւօտեան ժամը 11-ին՝ Խաչվերացի հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագով, զոր մատուցանեց Ֆրանսայի հայ կաթողիկէներու Փարիզի Սուրբ Խաչ թեմի առաջնորդ Գերապայծառ Եղիա Եղիայեանը։

Ներկայ էին ՀՀ Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեանը, Ֆրանսայի մէջ Առաքելական նուիրակութեան խորհրդական՝ Գերապայծառ Ֆերնանտօ Պառոս Ռէյսը, ֆրանսական «L'Euvre d'Orient» կազմակերպութեան նախագահ՝ Ժան-Իվ Թոլօն, վերապատուելիներ Ռընէ եւ Ժիլպէր Լեւոնեանները, Իսի-լէ-Մուլինոյի քաղաքապետի առաջին կցորդ տիկին Ֆապիէնն Լիածէն, համայնքային կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ, բազմաթիւ ընտանիքներ՝ մեծով-պզտիկով, ի շարս որոնց՝ Սամուէլ Մուրատեան վարժարանի նախկին սաներ, որոնք կարօտով կը յիշէին իրենց անցուցած դպրոցական տարիները: Ներկայ էր նաեւ հայ մտաւորականութիւնը՝ ի դէմս ականաւոր պատմաբան Գլօտ Մութաֆեանի եւ այլ ծանօթ գործիչներու:

Միաբանութեան ոգին վերակենդանացնող այս նախաձեռնութեան ծիրէն ներս, կէսօրուան ճոխ ճաշէն ետք մթնոլորտը աւելի աշխուժացաւ գեղարուեստական բաժնի մը գործադրութեամբ. ելոյթ ունեցաւ երգչուհի Այտա Մահտեսը, որուն կատարումներուն դաշնակով ընկերակցեցաւ Արսէն Սէֆէրը՝ ստեղծելով իսկական տօնական եւ խանդավառ տրամադրութիւն. եղաւ նաեւ պարային ներկայացում: Երեխաներուն համար ալնախատեսուած էին զանազան խաղեր ու զբաղումներ, որպէսզի անոնց ծնողները լիովին վայելեն օրը: Յայտագիրը իր աւարտին հասաւ վիճակահանութեամբ:

Աւելցնենք նաեւ, որ տարածքին մէջ կը գործէին զանազան տաղաւարներ՝ ներկայացնելով ձեռագործ իրեր, յուշանուէրներ, գինի եւ այլն:

Սեւրի պատմական ընդարձակ կալուածը վերակենդանացնելու, այս ժառանգութեան տէր կանգնելու եւ զայն վերստին հայկական միութիւններու ու կազմակերպութիւններու տրամադրութեան տակ դնելու նպատակով՝ յատկապէս հայ կաթողիկէ համայնքը այսօր կը գործադրէ մեծ ճիգեր:

Յատկանշական է, որ Սամուէլ Մուրատեան կեդրոնի նորոգութեան մեծածաւալ աշխատանքներուն լծուած է Արա Ահարոնեանը, որ արդէն իսկ յաջողութեամբ գլխաւորած էր Փարիզի Սուրբ Խաչ տաճարի վերանորոգման ծրագիրը։