Հայ ենք, քիչ ենք, ուր ալ ըլլանք զիրար կը փնտռենք եւ իրարմով կը հպարտանանք` մանաւանդ ոչ-հայկական առիթներու ընթացքին, ոչ-հայ շրջանակներու, օտարութեան մէջ: Միջազգային ֆիլմաշխարհի մէջ ալ պարագան նոյնն է. հայու մը հիմնական կամ երկրորդական ներդրումը ֆիլմի մը մէջ միշտ հպարտանքի առիթ է:
Վերջերս, ֆիլմաշխարհի մէջ բաւական իրադարձութիւններ տեղի ունեցան. ամենայայտնին օսքարակիր Anora ֆիլմն էր, որուն երկու հայ դերասանները՝ Կարէն Կարագուլեան եւ Վաչէ Թովմասեան թէ՛ հայու դեր կը մարմնաւորեն եւ թէ՛ հայերէն կը խօսին ֆիլմին մէջ: Այս յօդուածով սակայն պիտի անդրադառնամ երկու այլ օրինակներու՝ Sinners ֆիլմի արտադրիչ Սեւ Օհանեանին եւ Wes Anderson-ի The Phoenician Scheme ֆիլմին:
Սեւակ Օհանեան ծնած է Գերմանիա, 1987ին, մանկութենէն հաստատուած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, հոն ալ ուսանած եւ մտած ֆիլմաշխարհ իբր արտադրիչ եւ գրող: Հանրածանօթ է իր հեղինակած եւ արտադրած Searching (2018) եւ Run (2020) ֆիլմերով: Երկու ֆիլմերն ալ արտադրած է իր կնոջ՝ Նաթալի Գասապեանի հետ: Թէեւ զոյգ ֆիլմերը ոչ մէկ ձեւով առնչուած են հայութեան կամ հայու, հեղինակին ու արտադրիչին հայազգի ըլլալը ինքնին մեզի համար հպարտութեան առիթ է: Եկէք աւելի հպարտանանք եւ ուրախանանք. Searching ֆիլմը ցուցադրուած է աշխարհի տարածքին եւ 75 միլիոն ամերիկեան տոլար եկամուտ ունեցած է: Աւելին՝ Sundance ֆիլմի փառատօնին շահած է Alfred P. Sloan եւ Audience մրցանակները. առաջինը կը տրուի թեքնաբանութեան կամ գիտութեան վրայ հիմնուած ֆիլմերուն, իսկ երկրորդը ներկայ հանդիսատեսներու քուէներու արդիւնքին հիման վրայ: Այս բոլորին կողքին, Սեւ նաեւ Proximity Media արտադրութեան ընկերութեան հիմնադիրներէն մէկն է, որ իր ցանկին վրայ ունի Creed III եւ Sinners ֆիլմերը: Երկու ֆիլմերուն հերոսը Michael B. Jordan-ն է եւ երկու ֆիլմերուն նիւթերը կը դառնան սեւամորթներու կեանքի շուրջ՝ մէկը բռնցքամարտի, իսկ միւսը սեւամորթներու քաղաքի մը մէջ գերբնական չարի մասին, բայց խորքին մէջ ցեղապաշտութեան շուրջ:
Սեւ եւ Նաթալի արդէն ունին նոր ֆիլմի պատրաստութիւն մը՝ Doppelganger, որուն մասին ոչ մէկ այլ տեղեկութիւն կայ տակաւին:
Գալով Wes Anderson-ին, անձնապէս, շատ հաճելի կը գտնեմ անոր ֆիլմերու նկարի գոյնն ու շրջանակը (framing). վառ բայց զուսպ գոյներով, համաչափութիւն, ուղիղ գիծեր, եւ տարօրինակ եւ չափազանցուած կերպարները միշտ նկարին մէջտեղ: Իւրայատուկ եւ տարօրինակ ոճ ունին: Բայց ո՞ւր է հայը այս բոլորին մէջ: Wes Anderson-ի The Phoenician Scheme ֆիլմին մէջ կայ հայու կերպար՝ Uncle Nubar, որուն դերը կը մարմնաւորէ Benedict Cumberbatch: Հարեւանցի կերպով կը յիշուի, թէ Uncle Nubar բուն անունով Նուպար Կիւլպէնկեան, զաւակն է գործարար եւ բարեգործ Գալուստ Կիւլպէնկեանին. սակայն ֆիլմին հիմնական կերպարներէն Anatole Zsa-Zsa Korda-ի խորթ եղբայրը ըլլալը պարզապէս fiction (շինծու) է: Wes Anderson այս fiction-ը օգտագործած է պարզապէս որովհետեւ Anatole «Zsa-Zsa» Korda կը ներկայացնէ մեծահարուստ առեւտրական մը որ, Գալուստ Կիւլպէնկեանի նման, իր ընտանիքին մէջ ճիշդ ու արդար ժառանգորդ գտնելու հարցեր կ՛ունենայ, եւ որովհետեւ Wes Anderson հանրածանօթ է իր ֆիլմերու անհեթեթ եւ արտասովոր կերպարներով, ներառած է Նուպար Կիւլպէնկեանը (փոքր պրպտումէ ետք, ես ալ նոր իմացայ), որ տարօրինակ անձ մը եղած է՝ երեւութապէս իր երկար մօրուքով, միակնոցով եւ իր համազգեստին վրայի խոլորձ (orchid) ծաղիկով, իսկ խորքով, միշտ դրամական հարցեր ունեցած է իր հօր հետ: Ֆիլմին մէջ պատկերացուած ահաբեկումի եւ ոճիրի տեսարանները իրականութեան չեն համապատասխաներ:
Նոյնանման պարագաներ միշտ ալ եղած են, ճանաչումի հետաքրքրական ձեւ է, ինչպէս 2024ի Monsieur Aznavour ֆիլմը. ով որ չէր գիտեր որ Ազնաւուրը հայ է, իմացաւ. հոս ալ հայ կերպարներու դերեր ստանձնած էին հայ դերասաններ՝ Յովնաթան Աւետիքեան (Շարլի հօր դերը՝ Միշա Ազնաւուրեան), Հայաստանէն՝ Հայաստանի Հանրապետութեան վաստակաւոր արուեստագէտ Նարինէ Գրիգորեան (Շարլի մօր դերը՝ Քնար Պաղտասարեանի), Տիգրան Մխիթարեան (Միսաք Մանուշեանի դերով) եւ Ճուլիա Աւետիսեան (Միսաք Մանուշեանի կնոջ Մելինէի դերով):
Վերադառնալով Սեւ Օհանեանին եւ իր կնոջ Նաթալի Գասապեանին, անոնք իրենց ֆիլմի արտադրութեան կողքին կ՛օժանդակեն նաեւ Armenian Educational Foundation-ի (AEF) ֆիլմարուեստի ճիւղին, Հայաստանի մէջ այդ ճիւղը ուսանող հայ աշակերտներու նիւթապէս օգտակար դառնալու նպատակով, այն յոյսով, որ ապագայ բեմադրիչներ, արտադրիչներ եւ ինչու չէ բեմագիրներ պատրաստուին եւ հայու անունը ֆիլմերու ընդմէջէն մատնանշուի:
Փաթիլ Գուլճեան
Նիւթը՝ «Ասպարէզ»էն