image
Հրատապ լուրեր:

ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմ. «Մանուկներու օրհնութեան կարգ» Նորթ Հոլիվուտի մէջ

ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմ. «Մանուկներու օրհնութեան կարգ» Նորթ Հոլիվուտի մէջ

 

Օրերս մանուկներու միջազգային օրուան առիթով, Նորթ Հոլիուտի համայնքին նախաձեռնութեամբ, Ս.Ճէյն եկեղեցւոյ մէջ, Ս.պատարագի ընթացքին, կատարուեցաւ մանուկներու օրհնութեան կարգ: Ս.պատարագը մատուցեց եւ քարոզեց Տ. Նժդեհ Քհնյ. Քեշիշեան:

Եղելութեան մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ  ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի պաշտօնական կայքէջէն։ 

Ստորեւ հրապարակուած լրատւութիւնը:

Նորթ Հոլիուտի մէջ կազմաւորուող համայնքէն ներս, մատակարար հովիւ Տ. Նժդեհ Քհնյ. Քեշիշեանի եւ Ծուխի խորհրդատու մարմնի որոշումով, իւրաքանչիւր ամսուայ առաջին եւ երրորդ կիրակի օրերուն կը կատարուի հոգեւոր արարողութիւն, որուն կը մասնակցին համայնքի եւ յարակից շրջաններէ բազմաթիւ անձեր։ 1 Յունիսին, որ նաեւ Մանուկներու միջազգային օրն էր,  Ս.պատարագի ընթացքին, կատարուեցաւ Մանուկներու օրհնութեան կարգ, որու մասին յայտարարուած էր նախապէս համախմբեց համայնքի մեծ ընտանիքները։

1 Յունիսին Ս.Ճէյն եկեղեցւոյ մէջ ս.պատարագը մատուցեց եւ քարոզեց Տ. Նժդեհ Քհնյ. Քեշիշեան։ Ընդհանուր տօնական, մանկաբոյր տրամադրութեան մէջ Տէր Նժդեհ օրհնեց մանուկները, շնորհաւորեց ու իր բարեմաղթանքներն ուղղեց փոքրիկներուն ու ծնողներուն, ապա բոլոր մանուկներուն նուիրեց օրհնուած խաչեր, որ այդ նպատակին համար յատուկ Հայաստանէն բերած էր խորհրդատու մարմնի ատենապետ՝ Մանուկ Խաչատրեանը։

Ծուխի խորհրդատու մարմնի անդամներու ջանքերով մանուկներու համար յատուկ տօնական միջավայր, խաղեր եւ հիւրասիրութիւն  պատրաստուած էր։

Ս.պատարագէն ետք մանուկները զբաղուեցան խաղերով, ուրախ տրամադրութեան մէջ, տեսանելի էր, թէ ինչ ուրախաբեր տրամադրութիւն ստեղծուած էր մանուկներուն եւ ծնողներուն մօտ, իսկ «մանուկներու հոգիներուն մէջ դրոշմուած էր սէր եկեղեցւոյ ու հայրենիքին հանդէպ որ անկողոպտելի է» (Յովնան Արք. Տէրտէրեան)։

Ներկաները հաստատէին, որ տեսանելի է համայնքին ձեւաւորման արդիւնքը։ Տ. Նժդեհ Քհնյ. Քեշիշեան յայտարարեց, որ յառաջիկայ ս.պատարագի ընթացքին՝ 15 Յունիսին համայնքին մէջ պիտի կատարուի հայրերու օրհնութեան կարգ։

Այս օրհնաբեր առաքելութիւնը Աեւմտեան թեմի Առաջնորդ Սբրազանը գնահատեց որպէս նպատակասլաց քայլեր, ուր Արժ. Տ. Նժդեհ Քհնյ. Քեշիշեանի հոգածու ներդրումը ակնյայտ է, իր շուրջը ունենալով Ծխական խորհուրդի նուիրեալ անձեր։