image

Սէր առ հողը. Կամ Եսայի Հաւաթեանի օրինակով (Տեսանիւթ)

Սէր առ հողը. Կամ Եսայի Հաւաթեանի օրինակով (Տեսանիւթ)

 Մեր ընթերցողներէն քիչերը լսած   են բնիկ Մուսալեռցի, Այնճարի  բնակիչներէն ՝Եսայի Հաւաթեանին մասին։

Մարդ, որ իր կեանքի ողջ ընթացքով, տեսակով ու գործունէութեամբ դրական օրինակ դարձած է, ոչ միայն Այնճար հայկական աւանի բնակիչներուն, այլ հեռու-հեռուներ գաղթած Մուսալեռցիներուն համար։ 

 

 Հաւաթեան, որ ընկալելով հողի իմաստն ու արժէքը վաղ տարիքէն հողամշակութիւն ընելէ բացի (ինչպէս կ՚ընեն իր համագիւղացիներուն մեծ մասը) ուսանած է եւ վկայուած որպէս գիւղատնտես։

 

 Շնորհիւ իր ասպարէզին հանդէպ ունեցած նուիրական մօտեցման դարձած է փնտռուած մասնագէտ ու նոյն ճարտարութեան շնորհիւ ալ տիրացած է շրջակայ գիւղերու եւ աւաններու գիւղատնտեսներու մեծ վստահութեան։Ըլլալով գաղափարի մարդ, Եսայի Հաւաթեանը՝ ընկ. Եսային, եղած է նաեւ պատանիներու վարիչ, դաստիարակ ու դասախօս։ Շնորհիւ իր հեռատես հայացքներուն, ու սովորական կեանքէն, պարզ դէպքերէն բերելով իր օրինակները «տիրացած» է զինք լսել սիրող պատանիներու եւ երիտասարդներու համակ ուշադրութեան։

 

 Պարզութեամբ զինուած նուիրեալին մասին գրելու պատեհութիւնն ալ ներքոդրեալ տեսանիւթն է, որուն մէջ Եսայի Հաւաթեան  գիւղատնտեսը Այնճար այցելող մասնագէտներուն հետ կը կիսուի իր փորձառութեամբ ու հանրութեան կը ներկայացնէ իր ու Այնճարցի մեր հայրենակիցներու քրտնաջան աշխատանքին բարիքները։

 

 Բարիքներ, որ առաւելապէս կ՚աճին հողին հանդէպ խորագոյն սէրէն ու բնութեան հետ ապրելու կամքէն։

 Մնացածը՝ տեսանիւթով։

 

Նիւթը՝ «Արեւելք»ի