Պատին ճարճատումը կամ կամուրջին քանդումը պայքարի անտեղիտալիութիւն կ՛ենթադրեն եւ չեն կքիր միջազգային միտումներուն դիմաց: Ինչպէս փաստեցին Լիզպոնի հերոսները:
Յեղափոխական աւանդներու վերադարձով յատկանշուող գործողութիւններու գագաթնակէտը Լիզպոնն էր իր տարողութեամբ, անձնազոհութեան գերագոյն աստիճանաչափի օրինակով եւ ձգած արձագանգով ո՛չ միայն ներազգային, այլ նաեւ միջազգային առումներով:
Յետահայեաց դիտարկում մը այդ գործողութիւններուն ձեռք բերած արդիւնքներուն անպայման լուսարձակ կը կեդրոնացնէ 27 յուլիս 1983-ի Լիզպոնին վրայ: Խօսքը լռութեան պատի քանդումին մասին է: Կրաւորականութեան շրջումը եւ այնուհետեւ բարձրաձայնումը Հայ դատի իրաւացիութեան մասին: Ժամանակի հեռաւորութենէն կատարուող ակնարկը պիտի նկատէ յետլիզպոնեան ժամանակահատուածին իւրայատկութիւնը` Ցեղասպանութեան ճանաչման յաղթարշաւի նոր զսպանակումի առումով:
Լիզպոնը ուրեմն լռութեան պատի քանդումին ամէնէն հզօր հարուածն էր: Եւ թիւր է այն ընկալումը, սխալ է հիմնովին այն փորձը, որ Լիզպոնի գերագոյն զոհաբերութեան օրինակի նսեմացումը կը կատարէ` քաղաքական արդիւնքի չյանգելու սխալ վարկած յառաջ քշելով:
Լիզպոնեան արարքի քաղաքական ընթերցումը այս օրերուն կ՛առնչուի ուրեմն աշխարհաքաղաքական միտումներն ու ծրագիրները խոչընդոտելու եւ նոր իրավիճակ ստեղծելու գաղափարին: Լուռ էր միջազգային ընտանիքը Հայոց ցեղասպանութեան պատմական ճշմարտացիութեան դիմաց եւ անտարբեր` հայոց կորսուած իրաւունքներու պահանջներուն առջեւ: Լիզպոնը յաջողեցաւ իրավիճակ փոխել:
Այնուհետեւ ո՛չ միայն թափ հաւաքեց ճանաչման յաղթարշաւը, այլ նաեւ թեւակոխուեցան նոր փուլեր: Ժխտողականութեան քրէականացման եւ հատուցման բաղադրիչները մաս կազմեցին ո՛չ միայն նոր հայեցակարգին, այլ նաեւ ունեցան գործնական դրսեւորումներ` տարբեր միջազգային ատեաններու թէ պետութիւններու խորհրդարաններուն մէջ:
Քաղաքական տրամաբանութիւնը կը յուշէ անշուշտ, որ աշխարհաքաղաքական միտումներու փոփոխութիւնը եւ միջպետական յարաբերութիւններու ելեւէջները սերտօրէն կ՛ազդեն նման գործընթացներու վրայ: Բնականաբար: Խնդիրը սակայն ներազգային մակարդակի վրայ պայքարի եւ ազգային իրաւունքներու պահանջի սկզբունքայնութեան եւ անտեղիտալիութեան երաշխիքի ապահովումն է եւ ապա քաղաքական գործընթացներուն մէջ հայանպաստ յաղթաթուղթի տրամադրումը: Իսկ Լիզպոնը այդ առումով անգերազանցելի օրինակ է: Ամբողջ սերունդներ լիզպոնեան արարքին մէջ տեսան` հայ ժողովուրդի իրաւունքները վերականգնելը իրենց կեանքին նպատակը համարելու կենսափիլիսոփայութիւնը: Պետութիւնները հետագային Լիզպոնի փոխանցած պատգամները Անգարայէն իրենց ունեցած պահանջներու թեմաներու վերածեցին:
Լռութեան պատին ճարճատումին նման այսօր դրուած է թուրանական կամուրջի նախագիծի քանդումի առաջադրանքը: Լիզպոնի անտեղիտալիութեան օրինակը ուղերձներ կը յուշէ եւ թելադրանքներ կը կատարէ պայքարի սկզբունքայնութիւնը պահելու եւ հակառակ տարածաշրջանային իրադարձութիւններուն, միջպետական համաձայնութիւններուն, նոյեմբեր 9-ին եւ անոր ներառած կէտերուն` պայքարելու, անդուլ աշխատելու այդ կամուրջի ծրագիրը խափանելու համար:
Արժանապատիւ խաղաղութիւնն ու բնականոն գործընթացներով ապաշրջափակումը այլ բան են, պարտուողական դիրքերէ միակողմանի զիջումներով թուրանական կամուրջին համաձայնութիւն տալը` այլ բան: Խնդիրը այս պարագային «միջանցք» եզրի օգտագործումը կամ չօգտագործումը չէ: Խնդիրը թուրանական կամուրջ կառուցելն է եւ իբրեւ առաջին փուլ Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը ցամաքով կապելը: Այդ կամուրջի ծրագիրը տապալեցաւ 1918-ին, ինչ որ մայիսեան հերոսամարտերուն տուաւ քաղաքակրթութիւն փրկելու հանգամանք միջազգային առումով:
Հիմա հայաստանեան եւ սփիւռքեան ընդդիմութիւնն է, որ կը պայքարի այդ կամուրջի գործարկման դէմ: Հակառակ` աշխարհաքաղաքական միտումներուն եւ Մոսկուա-Անգարա համաձայնութիւններուն: Քանդել կամուրջը, ինչպէս Լիզպոնը խնդիր դրած էր իր առջեւ քանդել լռութեան պատը:
Պատին ճարճատումը կամ կամուրջին քանդումը պայքարի անտեղիտալիութիւն կ՛ենթադրեն եւ չեն կքիր միջազգային միտումներուն դիմաց: Ինչպէս փաստեցին Լիզպոնի հերոսները: