image

Արմէն Սարգսեան. Հայասիրութեան եւ ճիշդ դիւանագիտութեան վառ օրինակով

 Արմէն Սարգսեան.  Հայասիրութեան եւ ճիշդ դիւանագիտութեան  վառ օրինակով

Եւ այսպէս Հալէպի հանդէպ մեծ յոյսեր փայփայող, այդ հինաւուրց քաղաքի վերականգնումին ու վերածաղկման հանդէպ հաւատք ունեցող ու ամենակարեւորը Հալէպի հայութեան բարեկեցութեան եւ ապահովութեան համար ընթացող գործընթացներուն մէջ իր նեցուկն ու դերը ունեցող յարգարժան դիւանագէտ Արմէն Սարգսեանը  յաջողութեամբ գրանցուած իր պաշտօնավարման օրերը աւարտելով այսօր արդէն կ՚անցնի նոր  կարեւոր առաքելութեան։ 

 Եւ այս առումով ալ աւելի քան վստահ ենք, որ նոյն եռանդով, նոյն ոգիով եւ ամենակարեւորը նոյն հեռատեսութեամբ ան պիտի շարունակէ իր   պաշտօնը շրջանային առումով մեծ կարեւորութիւն ներկայացնող Քաթարեան Էմիրութեան մէջ։ 

 Յաջողութիւն եւ երախտիքի խօսք Արմէն Սարգսեանին, մեր բոլորին կողմէ յարգուած դիւանագէտին ու բարեկամին։

Իր պաշտօնը լիարժէք կերպով կատարած դիւանագէտը օրերս նոր ծառայութեան է կոչուած։ 

 Խօսքը Հայաստանի Հանրապետութեան Հալէպի մէջ ընդհանուր հիւպատոս Արմէն Սարգսեանի մասին է, որ օրերս նշանակուեցաւ Քաթարի մէջ ՀՀ Արտակարգ եւ Լիազօր դեսպանի արժանի պաշտօնին։

 Բարդ պաշտօն է երկրի ներկայացուցիչ- դիւանագէտի պաշտօն ստանձնելը, ուր մնաց երբ կը խօսինք պատերազմի ամենածանր օրհասներէն անցած ու հայութեան համար ուրոյն եւ նոյնիսկ ուղենշային դեր եւ դիրք ունեցող Հալէպ քաղաքին մասին է, ուր ձեռնհասօրէն եւ ամենայն հմտութեամբ գործեց Արմէն Սարգսեանը։ 

 Ուշագրաւ էր նաեւ, որ ան գտնուեցաւ Սուրիա եւ մասնաւորապէս Հալէպ այն ժամանակներուն, երբ Հայաստանը, որպէս խաղաղարար առաքելութիւն իրականացնող երկիր Սուրիա գործուղած էր մարդասիրական առաքելութիւն իրականացնող ջոկատ մը։ 

 Անշուշտ փառք ու պատիւ մեր խաղաղապահներուն ու սակրաւորներուն, որոնք մեծ արիասրտութեամբ կատարեցին իրենց ուսերուն դրուած պարտականութիւնը ու բարձր պահեցին հայու պատիւն ու անունը։ 

 Ուղենշային էր նաեւ այն, որ խաղաղապահներուն Սուրիա ժամանելը ու Հալէպ գործուղուիլը կը կատարուէր այն պահուն, երբ երկիրը նոր դուրս կու գար իր արիւնալի պայքարներէն տալով նաեւ «հայկական բուրմունք» մը իր վէրքերը կամաց-կամաց թօթափող հայկական Հալէպին։ 

 Քայլը, որ ինչ որ տեղ եւ ինչ որ չափով նաեւ կ՚ամրացնէր հայ-արաբական բարեկամութիւնը, տեղ մըն ալ շունչ ու եռանդ կու տար Հալէպ ապրող մեր հայրենակիցներուն, որոնք հաւատարիմ մնացին իրենց ըմբռնումներուն ու նաեւ չլքեցին իրենց օրրանն ու բոյնը։ 

 Այս ընդհանուր պատկերի ետին անշուշտ եղան գործիչներ, որոնք տիւ եւ գիշեր գործելով պահեցին Հալէպահայերու ու նաեւ խաղաղապահ առաքելութիւն իրականացնող մեր ռազմիկներուն թիկունքը։ 

 Այդ թիկունքը պահողներէն մին էր Արմէն Սարգսեանը, որ շնորհիւ իր շրջահայեացութեան, լայնախոհութեան եւ նուիրական կեցուածքին շահեցաւ սիրտը, ոչ միայն Հալէպի հայագաղութին, այլ նաեւ Հալէպի պատասխանատու մարմիններուն ու տեղի արաբ ղեկավարութեան։ 

 Սարգսեան, որ հաւատացողն է Հալէպի վերականգնումին «Սփութնիք» գործակալութեան այս մասին խօսելով մասնաւորապէս ըսած էր ««Երեւի թէ, չափազանցութիւն չի լինի, եթէ ասեմ, որ պատերազմի հետեւանքով ամենից շատ տուժել է Հալէպը։ Ամենածանր տարիներին, երբ քաղաքը ենթարկւում էր ուժգին հրթիռակոծութիւնների եւ հրետակոծութիւնների, հալէպահայ համայնքը ջանքեր էր գործադրում պահպանելու ազգային իր դիմագիծը` Մայր գաղութը լինելու եւ մնալու բարձր անունով։Պէտք է ուրախութեամբ արձանագրեմ, որ համայնքային բոլոր կառոյցներն աշխատում են ամբողջ թափով ու ծաւալով։ Յատկապէս բարձր է ազգային հայրենասիրական ոգին եւ ընդհանուր բարոյահոգեբանական վիճակը։Ըստ էութեան, պէտք է փաստել, որ հալէպահայութիւնը թեւակոխած է ինքնակազմակերպման ու զարթօնքի նոր փուլ։ Անվտանգութեան այսօրուայ պատկերը որեւէ աղերս չունի Հալէպի ազատագրումից առաջ գոյութիւն ունեցած վիճակի հետ»։ 

 «Ա»