image
Հրատապ լուրեր:

Իրան դէմ է միջանցքի ստեղծման, որ կ՚անցնի Հայաստանով եւ կը կապէ Ատրպէյճանի հիմնական մասը Նախիջեւանի հետ․ Խամենէիի խորհրդական

Իրան դէմ է միջանցքի ստեղծման, որ կ՚անցնի Հայաստանով եւ կը կապէ Ատրպէյճանի հիմնական մասը Նախիջեւանի հետ․ Խամենէիի խորհրդական

Իրան դէմ է միջանցքի ստեղծման, որ կ'անցնի Հայաստանով եւ կը կապէ Ատրպէյճանի հիմնական մասը Նախիջեւանին հետ։ Այս մասին յայտնած է Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան գերագոյն հոգեւոր առաջնորդ Ալի Խամենէիի խորհրդական  Ալի Աքպար Վելայաթին։

Ան մանրամասնած է, որ ՆԱԹՕ-ի երկիրները կը ցանկան թուլցնել Իրանի եւ Ռուսիոյ միջեւ համագործակցութիւնը՝ «Զանգեզուրի միջանցքը» յանձնելով Միացեալ Նահանգներու վերահսկողութեան։

«Իրան Ռուսիոյ հետ, թէ՝ առանց, կը խոչընդոտէ Միացեալ Նահանգներու միջանցքի առկայութիւնը Կովկասի մէջ»,- յայտարարած է Խամենէիի օգնականը։

Անոր խօսքով, Միացեալ Նահանգներու կողմէ աջակցուող Հարաւային Կովկասի մէջ միջանցքի նախագիծը դաւադրութիւն է եւ ուղղուած սահմաններու փոփոխութեան եւ Հայաստանի բաժանման։