image
Հրատապ լուրեր:

Զախարովա. Միացեալ Նահանգներու մէջ Ալիեւ-Փաշինեան հանդիպումը դրական էր

Զախարովա. Միացեալ Նահանգներու մէջ Ալիեւ-Փաշինեան հանդիպումը դրական էր

Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու հանդիպումը  արժանի է դրական գնահատականի, մենք յոյս ունինք, որ այս նպաստէ խաղաղութեան օրակարգի առաջխաղացման, յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա։

Զախարովայի խօսքով՝ Մոսկուան կը վերլուծէ Միացեալ Նահանգներու  յայտարարութիւնները տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման վերաբերեալ։

Ան աւելցուցած է, որ Ռուսիոյ մասնակցութեամբ եռակողմ համաձայնագիրները, որոնցմէ որեւէ կողմ դուրս չէ եկած, կը մնան արդիական։ Զախարովան նշած է, որ արտատարածաշրջանային խաղացողներու ներգրաւումը պէտք է նպաստէ խաղաղութեան օրակարգի ամրապնդման։