image

Սեդա Պիպէրեանը Պատւոյ Լէգիոնի շքանշանակիրն

Սեդա Պիպէրեանը Պատւոյ Լէգիոնի շքանշանակիրն

Ֆրանսայի Մարսէյլ քաղաքի Համազգայինի ճեմարանի նախկին տնօրէն՝ Սեդա Պիպէրեան արժանացած է  Ֆրանսայի ազգային շքանշանին՝ Պատւոյ լէգեոնին:  Այս մասին տեղեկացուցած է Մարսէյլի հայկական ճեմարանը: Շքանշանը Սեդա Պիպէրեանին յանձնած է Ֆրանսայի մշակոյթի նախարարութեան Մարսէյլի շրջանի ներկայացուցիչ՝ Պեռնար Պէնիէն, որ բարձր գնահատած է հայ կրթական գործիչի ներդրումը ֆրանսական կրթական համակարգին մէջ եւ կարեւորած հայկական վարժարանի գործունէութիւնը հայաշատ Մարսէյլի մէջ: Ֆրանսացի պաշտօնեան նշած է, թէ տեղեակ է հայկական դպրոցի ուսման բարձր որակի մասին, որ հայկական մշակոյթի պահպանութեան հաւասար նաեւ ֆրանսական արժէքներ կու տայ աշակերտներուն:

Համազգային մշակութային եւ կրթական միութեան Մարսէյլի ճեմարանը հիմնուած է 36 տարի առաջ, ան Ֆրանսայի կրթական պետական ծրագիրով գործող հայկական ամէնօրեայ դպրոց է, որու առաջին տնօրէնը եղած է Յակոբ Պալեան:  Այժմ դպրոցը կը ղեկավարէ Ժաքէ Ժամկոչեան:

Լուրը՝ Ալիք Մետիա-էն: