image

Սարգիս Զէյթլեանի տիտանական դրոշմին մասին. Գրեց՝ Վիգէն Յովսէփեան

Սարգիս Զէյթլեանի տիտանական դրոշմին մասին. Գրեց՝ Վիգէն Յովսէփեան

Ամերիկահայ ազգային-քաղաքական գործիչ՝ Դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան կը գրէ՝

Այս օրերուս, քիչ մը ամէն կողմ ու ամէն հայաշատ համայնքի մէջ, կը յիշուի Սարգիս Զէյթլեանը, ազգային- դաշնակցական գործիչն ու իր աւանդը՝ իր առեւանգումի 40-ամեակի առիթով։

Իմ անձնական շփումներովս Սարգիս Զէյթլեանը լաւ ու մօտէն չեմ ճանչցած, առաւելաբար տարիքիս, աշխարհագրականօրէն հեռու ըլլալուս, եւ արդէն վերջն ալ, իր առեւանգումէն ետք մեր իրականութենէն իր բացակայութեան պատճառով ։ Հօրս ընկերն էր, իր ընտանիքի անդամները իմ շրջապատիս մէջն էին՝ դպրոց, պատանեկան միութիւն։ Ամենէ խիտ առնչութիւնս Ընկ. Զէյթլեանի հետ, եղած է իր Լոս Անճըլըս կատարած մէկ այցելութեան առիթով, երբ հազիւ 19 տարեկան էի. ամբողջ շաբաթ մը, իրեն թիկնապահը ըլլալու պարտականութիւնը վիճակուած էր ինծի։ Այդ ընթացքին, իրմէ շատ յիշատակներ չեն մնացած մօտս, մանաւանդ որ այդ օրերու երիտասարդական հետաքրքրութիւններս ուրիշ, քան այն ինչ որ Զէյթլեան ղեկավարն ու մտաւորականը կրնար խորքային կերպով ինծի փոխանցել։ Ազնիւ մարդ էր, տպաւորիչ ու քաշողական հրապարակախօս։

Երբ տարիները գլորեցան, եւ սկսայ պատահական, եւ յետագային արդէն նպատակադրուած կերպով իր գրութիւններուն միջոցաւ ծանօթանալ Զէյթլեանի մտքերուն, պատումներու ճամբով եւ իր հետ առնչուած ընկերներու նկարագրութիւններով սկսայ տեղեկանալ իր մտաւորական աւանդին ու ներդրումին մասին։ Միայն այդ ժամանակ լիարժէք հասկցայ Սարգիս Զէյթլեան գաղափարական մարդուն, եւ մտաւորականին տիտանական դրոշմին մասին։ Իսկ հիմա, առանց չափազանցութեան, կրնամ ըսել որ արդէն հաւանաբար ծանօթացած եմ իր բոլոր գրութիւններուն անխտիր, անշուշտ եթէ անոնք հրատարակուած գործեր են։

Գլխաւորաբար իր զարգացուցած մտքերէն մէկը - որ գուցէ ինքը հեղինակած չ՚ըլլայ - բայց անտարակոյս որ ինքն է, Սարգիս Զէյթլեանն է որ զայն կարեւորած է մեր ժամանակներուն յարմարացնելով զայն, եւ որ այսօր, մեր ազգային իրականութեան համար այնքան այժմէական հարց մըն է։ Իր մեկնաբանութեամբ, եւ իր ուրոյն մատուցելու ձեւով՝ «հայկական արեւելում»ի առաջադրանքն է որ յիշողութեանս մէջ կ՚առանձնանայ, նիւթ մը որ հարիւր տարիներէ աւելի զբաղեցուցած է մեր քաղաքական միտքը, բայց որ այսօր այնքան այժմէական է։ Անշուշտ երբ Զէյթլեան կը գրէր ու կը խօսէր «հայկական արեւելում»ին մասին, արդէն վաղուց չկար ռուսականն ու օսմանականը ինչպէս էր 1900-ականներու սկիզբը, բայց կային Արեւմուտքն ու Արեւելքը, կար ԱՄՆը եւ Խորհրդային Միութիւնը։

Եւ Զէյթլեանն էր ամենապերճախօս եւ խոհուն գաղափարախօսը իր օրուան, երբ ան Դաշնակցութեան ու նաեւ ազգին համար կը թելադրէր հեռու մնալ միջազգային դաշտի բեւեռներու թակարթէն, թակարթ որ կրնար այնքան քաշողական ըլլալ հզօր զօրակցութիւն փնտռող որեւէ պետութեան մը, կամ նոյնիսկ կազմակերպութեան մը համար, բայց որ ան անպայման կ՚ունենար բացասական ազդեցութիւնը բարոյազրկելու, ապակողմնորոշելու, շահագործելու։ Ան անկախութեան, անկախ ուժ մնալուն կարեւորագոյն ազդակ կը նկատէր բեւեռներէ հեռու մնալու եւ ինքնուրոյն գործելու անհրաժեշտութիւնը։ Անշուշտ Զէյթլեան միամիտ չէր, ան կը հասկնար մարտավարական խաղերու եւ գործակցութիւններու ոյժը, սակայն միաժամանակ ան կ՚ահազանգէր ու կը յորդորէր ինքնիշխան մնալ, բեւեռներու «գործիք»ը չդառնալ։ Իրեն համար, ինչպէս Դաշնակցութեան հիմնադիրներէն շատերուն համար, անկախութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը բացարձակ արժէքներ էին՝ գերազանցապէս անսակարկելի։ Զիջիլ այդ սկզբունքներէն, կը նշանակէր կերպարանափոխուիլ, էութենէ զիջիլ անվերադարձ։

Եւ ահա այսօրը։ Ամէն ժամանաներէ աւելի, այս վերջին տարիներուն էր որ Զէյթլեանը պէտք էր գրէր ու խօսէր «հայկական արեւելում»ին մասին, ինքնիշխանութեան եւ ինքնուրոյնութեան մասին։ Այսօր էր որ Սարգիս Զէյթլեանի պէս մեծութիւն մը իր խրոխտ ձայնով կարգի պէտք էր հրաւիրէր բոլոր անոնց, որոնք կողմնացոյցը սխալ կողմէն կը կարդան, կամ զայն չեն գիտեր կարդալ ընդհանրապէս։ Այսօր, երբ անմիջական, ժամանակաւոր կամ անձնական բաւարարութիւններու համար, մարդիկ կը զոհեն աւելի մեծը, աւելի սկզբունքայինը, Զէյթլեաններու նման հեղինակութիւններն են որոնք պիտի յանդիմանէին, զգաստութեան պիտի հրաւիէին։

Այսօր, երբ անողնաշար ճկունութիւնը, անսկզբունքայնութիւնը քաղաքական իրատեսութեան հետ է որ կը շփոթուի։

Ան այսօր էր որ պիտի խօսէր իր սրտին այնքան մօտիկ, եւԱն այսօր էր որ պիտի խօսէր իր սրտին այնքան մօտիկ, եւ Քրիստափոր Միքայէլեաններէն ժառանգուած «կազմակերպական ապակեդրոնացման» սկզբունքին մասին, որ հայ յեղափոխական շարժման համար սրբութեան նման բանի մը վերածուած էր Արմենականներու, բայց մանաւանդ Հնչակեաններու դառն փորձառութիւններէն ետք, բան մը որ այսօր չի հասկցուիր արդէն, ու չարաչար կ՚ոտնակոխուի, յանուն չգիտես ի ՞նչ կեդրոնաձիգ նպատակներու կամ կազմակերպական չնաշխարհիկ դրոյթներու, որոնք մարդկային մտքի եւ ձգտումներու, ինչպէս նաեւ բնական զարգացման դէմ կապանքներ կը հանդիսանան։

Այդ կապանքները, այդ ապուշ սահմանափակումներն են որոնք կազմակերպութիւններ ու պետական կառոյցներ կ՚առաջնորդեն իրենց սկզբունքներէն օտարուելու, ակամայ իրենց իսկ սեփական շահերուն դէմ գործելու՝ յանուն կեանք չունեցող, մարդկային բնութեամբ իսկ չբացատրուող կանոններու...եւ այդպէս՝ ամլանալու, հեղինակազրկուելու։ Ափսոս եղաւ որ ան անարգ ոճիրի զոհ գնաց։ Մեզմէ ու մեր իրականութենէն խլուեցաւ Սարգիս Զէյթլեան գաղափարական մարտիկը, ու իրմէ ետք եկողները - այսինքն մենք ու մերոնք - չկարողացան շնչել նոյն շունչը, մանաւանդ այնպիսի օրերու եւ իրավիճակներու մէջ երբ այդ շունչի ազդեցութիւնը որոշիչ կրնար ըլլալ։ Բայց եւ այնպէս, լաւ եղաւ որ ան իր կենդանութեան ընթացքին չվկայեց իր սրտին մօտիկ պահած, ու իր մտքերուն առանցքը կազմող սկզբունքներուն - մեղմ ասած - սակարկումը։

Հոգիդ լոյսերու մէջ մնայ, Ընկ. Սարգիս։