image

Թուրքիան տեղեակ չէ Սիւնիքով Ատրպէյճանն ու Նախիջեւանը կապող ճանապարհի վերաբերեալ ԱՄՆ ծրագրերու մասին․ Էրտողանի գրասենեակ

Թուրքիան տեղեակ չէ Սիւնիքով Ատրպէյճանն ու Նախիջեւանը կապող ճանապարհի վերաբերեալ ԱՄՆ ծրագրերու մասին․ Էրտողանի գրասենեակ

Անգարան տեղեկութիւն չունի Հայաստանի տարածքով Ատրպէյճանը Նախիջեւանին կապող ճանապարհը կառավարելու Միացեալ Նահանգներու հնարաւոր ծրագրու մասին։ Ռուսական «ՌԻԱ Նովոսթի»-ի հարցին ի պատասխան այս մասին ըսած են Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանի վարչակազմէն։

«Մենք այդ մասին տեղեկութիւն չունինք, ուստի չենք կրնար մեկնաբանել», –ըսած են Էրտողանի վարչակազմէն՝ մեկնաբանելով Միացեալ Նահանգներու դեսպան Թոմաս Պարաքի խօսքերը։

Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Թոմաս Պարաքը, խօսելով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ձգձգուող վէճի մասին, տեսականօրէն հնարաւոր համարած է Ատրպէյճանէն Սիւնիքի մարզով դէպի Նախիջեւան ճանապարհն ամերիկեան կառավարման յանձնելը։

Խօսքը, ինչպէս նշած է ան, «հակամարտութեան առարկայ դարձած 32 քիլոմեթրի մասին է»։

Այնուհետեւ Պարաքը տեսական սենար նկարագրած է, ըստ որու՝ Միացեալ Նահանգները կրնար «վերահսկողութեան տակ վերցնել իրավիճակը»՝ 100 տարիով վարձակալելով այդ տարածքը, որպէսզի, անոր արտայայտութեամբ, «բոլորը կարողանան օգտագործել այն»:

Հայաստանի վարչապետի մամուլի խօսնակ Նազելի Բաղդասարեանը մեկնաբանելով Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի յայտարարութիւնը՝ շեշտած է, որ Հայաստանը տարածաշրջանային ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակման հարցը կը քննարկէ բացառապէս ՀՀ ինքնիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ իրաւազորօրթեան պարունակին մէջ. Հայաստանը չէ քննարկած եւ չի քննարկեր որեւէ երրորդ կողմի սեփական ինքնիշխան տարածքի նկատմամբ վերահսկողութիւնն արտապատուիրակելը:

Յուլիս 10-ին Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխնախարար Մնացական Սաֆարեանը չէր հերքած, որ ապաշրջափակման վերաբերեալ տարբեր առաջարկներ՝ ներառեալ ամերիկեան կողմէ, արդէն ներկայացուած են։ Փոխնախարարը նշած էր, որ սկզբունքներու պահպանման պարագային Հայաստանը դէմ չէ Սիւնիքի ճանապարհի արտապատուիրակման: