image
Հրատապ լուրեր:

Սահմանի վտանգը չի չէզոքացուիր «պլստալու», «արանքը ճղելու», «Աստուած կու տայ»-ի միջոցով. Տօնոյեան

Սահմանի վտանգը չի չէզոքացուիր «պլստալու», «արանքը ճղելու», «Աստուած կու տայ»-ի միջոցով. Տօնոյեան

ՀՀ պաշտպանութեան նախկին նախարար Դաւիթ Տօնոյեանի փաստաբանական խումբը խմբաւորած է վերջին շաբաթներուն տարբեր լրատուամիջոցներէ ստացած հարցերը եւ ներկայացուցած պատասխանները:

Գնահատելով 13 սեպտեմբերին ատրպէյճանական զինուժի հերթական ներխուժման հետեւանքներն ու առկայ իրավիճակը` Տօնոյեան կարծիք յայտնած է, որ ՀՀ զինուած ուժերը «կաշկանդուածութիւն» կը դրսեւորեն, որ, իր գնահատմամբ, քաղաքական որոշման արդիւնք է:

«Նման «կաշկանդուածութեան» շարունակութիւնը ծանր հետեւանքներ է թողնելու զինուած ուժերի բարոյահոգեբանական վիճակի եւ, հետեւաբար, մարտունակութեան վրայ»,– նշած է Տօնոյեան` յիշեցնելով, որ ՀՀ քաղաքական իշխանութիւնը մինչ օրս հրապարակային գնահատականներ չէ հնչեցուցած զինուած ուժերու գործողութիւններու վերաբերեալ։

Մինչդեռ, նախկին նախարարը զգուշացուցած է, որ «ՀՀ սահմանների վտանգուած լինելը չի չէզոքացուելու, ժողովրդական լեզուով ասած, «պլստալու», «արանքը ճղելու» կամ «Աստուած կու տայ»-ի միջոցով»,– ուստի, անոր համոզմամբ, զինուած ուժերու ղեկավարութիւնը քաղաքական ղեկավարութենէն պէտք է պահանջէ բանակին անհրաժեշտ միջոցներու մատակարարում, իսկ կառավարութիւնն օր առաջ այդ պէտք է ապահովէ՝ որեւէ գնով:

Պատասխանելով Արեւմուտք-ՀԱՊԿ երկընտրանքի մասին հարցադրումներուն` Տօնոյեանը մասնաւորապէս ըսած է, որ Արևմուտքի հետ ռազմական ու ռազմատեխնիկական համագործակցութիւն ծաւալելու գաղափարը նոր չէ եւ լիովին իրատեսական է:

«Գործնական առումով ինձ յայտնի չէ, թէ արդեօ՞ք արեւմտեան երկրները 2020 թուականի նոյեմբերից յետոյ հանել են քաղաքական սահմանափակումները Հայաստանին ու Ատրպէյճանին սպառազինութիւններ մատակարարելու վերաբերեալ: Եթէ այդ սահմանափակումները հանուել են, թուլացուել են կամ «անտեսւում» են, ապա՝ ի գո՛րծ: ՀԱՊԿ-ին մեր անդամակցութիւնը երբեք իրական խոչընդոտ չի եղել Արեւմուտքից ռազմական գնումներ կատարելու համար, դա արհեստածին միֆ է: Գործել են զուտ վերոյիշեալ սահմանափակումները»,– ըսած է նախկին նախարարը։

Բացի այդ ան «միֆ» անուանած է նաեւ ՀԱՊԿ-ին Հայաստանի անդամակցութիւնը որպէս Ատրպէյճանին զսպող գործօն ներկայացնելը։ Ըստ անոր` ՀՀ անդամակցութիւնը ՀԱՊԿ-ին կը հետապնդէ անվտանգութեան ապահովման այլ՝ բազմաշերտ նպատակներ, որոնց փոփոխութիւն ինքն այս պահուն չի տեսներ: