image

Ղնեմիէի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ տօնուեցաւ Ս. Աստուածածինի Վերափոխման տօնը

Ղնեմիէի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ տօնուեցաւ Ս. Աստուածածինի Վերափոխման տօնը

Ս. Աստուածածինի Վերափոխման տօնին առիթով Ղնեմիէի Ս. Գէորգ եկեղեցին դարձեալ համախմբեց տեղի հայ հաւատացեալութիւնը՝ աղօթքի, հոգեւոր վերանորոգման եւ ազգային-եկեղեցական ջերմ մթնոլորտի մէջ։ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի հանդիսապետութեամբ մատուցուած Ս. եւ Անմահ Պատարագը, ինչպէս նաեւ Խաղողօրհնէքի եւ Մատաղօրհնէքի արարողութիւնները, տօնական օրուան հաղորդեցին առանձնայատուկ շուք եւ հոգեւոր խորք։

Ստորեւ Բերիոյ Թեմին  էջով  այդ մասին տրուած հաղորդագրութիւնը՝

Հանդիսապետութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի, Ուրբաթ, 21 Օգոստոս 2026-ի առաւօտուն, Ս. Աստուածածինի Վերափոխման տօնին առիթով, Ղնեմիէ աւանի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ եւ Խաղողօրհնէք ու մատաղօրհնէք կատարուեցաւ, հաւատացեալ ժողովուրդին ներկայութեամբ։ 

Տօնական ցնծութեամբ Սրբազան Հայրը դիմաւորուեցաւ աղ ու հացով։

Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց՝ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, որուն առընթերականերն էին՝ Լաթաքիոյ եւ Ծովափնեայ շրջանի Հոգեւոր Հովիւ Արժ. Տ. Վազգէն Ա. Քհնյ. Քէօշկէրեան եւ Արժ. Տ. Գառնիկ Քհնյ. Չափանեան։ 

Պատարագի հոգեպարար երգեցողութիւնը կատարեց Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ դպրաց դասը։

Արժ. Տ. Վազգէն Ա. Քհնյ. Քէօշկէրեան բարի գալուստ մաղթեց Սրբազան Հօր։

Սրբազան Հայրը արաբերէն լեզուով իր հայրական պատգամը ուղղեց ժողովուրդին, դիտել տալով, որ Եկեղեցին կը մեծարէ Աստուածամայրը, որովհետեւ նախ Աստուած մեծարեց զինք՝ երկինք վերափոխելով, նաեւ որովհետեւ իր միջոցով Հին Կտակարանին մէջ Աստուծոյ տուած խոստումները իրականացան, երբ Յիսուս ծնաւ որպէս մարդկութեան փրկիչ։ Սրբազան Հայրը Հին Կտակարանէն Ս. Կոյս Մարիամի մասին կատարուած մարգարէութիւնները եւ Նոր Կտակարանին մէջ անոնց իրականացման անդրադարձող համարներէն մէջբերումներ կատարեց, նշելով, որ Ս. Աստուածածինի Վերափոխման տօնին ընդմէջէն այսօր հրաւիրուած ենք Աստուածամօր տիպարէն օրինակ քաղելու, իր բարեխօսութիւնը խնդրելու եւ իրեն նման հաւատքով եւ յոյսով ապրելու։ Ան նշեց, թէ Ս. Կոյսին մեծարումն ու փառաւորումը կը կայանայ անոր խոնարհութեան, սրտի մաքրութեան եւ Հօր Աստուծոյ կամքին կատարեալ հնազանդութեան մէջ։

Ան յայտնեց, թէ Եւային միջոցով մահը, իսկ Ս. Կոյս Մարիամի ճամբով կեանքը մտաւ աշխարհ։

Սրբազան Հայրը աղօթք բարձրացնելով առ Աստուած, Աստուածամօր բարեխօսութիւնը հայցեց, մաղթելով որ Ս. Հոգիին ներգործութեամբ մենք եւս խոնարհ, սրտով մաքուր եւ Աստուծոյ կամքին հնազանդ ըլլանք։

Այնուհետեւ, հաւատացեալները երկիւղածութեամբ մօտեցան Ս. Սեղանին եւ հաղորդուեցան Քրիստոսի փրկարար Ս. մարմինով եւ արեամբ։

Պատարագէն ետք, եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս Սրբազան Հայրը աւանդական մատաղօրհնէք եւ խաղողօրհնէք կատարեց։

Ապա, եկեղեցւոյ սրահէն ներս սիրոյ սեղանի շուրջ համախմբուեցան բոլորը։ Արժ. Տ. Վազգէն Ա. Քհնյ. Քէօշկէրեան բարի գալուստի խօսք արտասանեց եւ երախտագիտութիւն յայտնեց Սրբազան Հօր՝ իր հայրական հոգատարութեան համար։ Խօսք առաւ նաեւ թաղական խորհուրդի ատենապետ տիար Վահէ Արեճանը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Սրբազան Հօր՝ իր հովուական այցելութեան համար։ 

Սրբազան Հայրը այս առիթով մեծապէս գնահատեց քահանայ հայրերը, եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդը եւ տիկնաց յանձնախումբը՝ իրենց եկեղեցանուէր ծառայութեան համար։