Apple-ը Սեպտեմբեր 9-ին պիտի ներկայացնէ իր նոր iPhone-ները։ Ընկերութիւնը միջոցառման հրաւէրներն արդէն ուղարկած է։
Կ՚ակնկալուի, որ միջոցառման ընթացքին պիտի ներկայացուին iPhone 18 շարքի մոտելները, ներառեալ՝ iPhone 18 Pro-ն եւ Pro Max-ը։ Ըստ տարածուած տեղեկութիւններուն՝ անոնք արտաքին տեսքով մեծապէս պիտի նմանին iPhone 17 Pro մոտելներուն, սակայն պիտի ունենան տեսախցիկներու թարմացուած զգայակներ եւ նոր գոյներու տարբերակներ։
Միջոցառման գլխաւոր նորութիւններէն մէկը կրնայ ըլլալ ծալուող iPhone-ը, որ, ըստ կարգ մը տեղեկութիւններու, կրնայ կոչուիլ iPhone Ultra։ Կ՚ակնկալուի, որ անոր ձեւաւորումը նման ըլլայ Samsung-ի Galaxy Z Fold 8-ին։
Apple-ը, ըստ նախնական տեղեկութիւններու, կրնայ ներկայացնել նաեւ Apple Watch Series 12 եւ Ultra 4 ժամացոյցներու նոր տարբերակները, ինչպէս նաեւ թարմացուած HomePod Mini-ն։
Կ՚ակնկալուի, որ նոր սարքերու վաճառքը պիտի սկսի Սեպտեմբերի վերջը։