Ես իրաւունք ունիմ ծանօթանալու զեկոյցին, դիմեր եմ եւս մէկ անգամ, որեւէ պատասխան դեռ չունիմ, զեկոյցը՝ ըստ Ազգային Ժողովի աշխատակազմի ղեկավարին, չունի այն կարգավիճակը, որ հնարաւորութիւն կու տայ, որ ես ատոր ծանօթանամ: Այս մասին լրագրողներու հետ զրոյցին ըսած է Պաշտպանութեան նախկին նախարար Դաւիթ Տօնոյեանը՝ անդրադառնալով Անդրանիկ Քոչարեանի՝ 44-օրեայ պատերազմի քննիչ յանձնաժողովի զեկոյցի վերաբերեալ յայտարարութեան, որուն մէջ ան նշած էր, որ Տօնոյեանը կրնայ ծանօթանալ զեկոյցին:
«Ես չեմ ուզում ճշգրտել, բայց Անդրանիկ Քոչարեանը ասել է, որ ոչ թէ կարող եմ զեկոյցին ծանօթանալ, այլ միայն այն արձանագրութիւններին, որոնցում ես ելոյթ եմ ունեցել, թէ փակ, թէ բաց նիստին: Զեկոյցի վերաբերեալ՝ ինչքան յիշում եմ, ինքը չի խօսել, բայց ես իրաւունք ունեմ սահմանադրական օրէնքով՝ ԱԺզգային Ժողովի կանոնակարգի օրէնքով, ծանօթանալ դրան, դիմել եմ եւս մէկ անգամ, դրա վերաբերեալ եղել է համապատասխան յայտարարութիւն, որեւիցէ պատասխան դեռեւս չունեմ: Զեկոյցը պատրաստուած է, բայց չունի այն կարգավիճակը, որը՝ ըստ Ազգային Ժողովի աշխատակազմի ղեկավարի, պէտք է հնարաւորութիւն տայ իմ ծանօթանալուն»,- նշած է ան:
Հարցին, թէ արդեօ՞ք զեկոյցի բացայայտման պարագային հնարաւոր է, որ Նիկոլ Փաշինեանը վատ դրութեան մէջ յայտնուի, եւ ատով պայմանաւորուած հանրութենէն թաքցնեն այն՝ Տօնոյեանը պատասխանած է. «Ես չգիտեմ, թէ ով ինչ իրադրութեան մէջ կարող է յայտնուել, իմ խնդիրն է հասկանալ, արդեօք պատասխանները ճիշդ են ձեւակերպուած, արդեօք ճիշդ ընկալումների են եկել, դրանից յետոյ չլինեն միջազգային լուրջ խնդիրներ ու զեկոյցը, որը հիմուած է լինելու նաեւ իմ պատասխանների վրայ, ճիշդ բովանդակութիւն ունենայ»: