image

Ռուսիոյ համար այս աշունն ու ձմեռը վճռորոշ պիտի ըլլան․ Լեհաստանի վարչապետ

Ռուսիոյ համար այս աշունն ու ձմեռը վճռորոշ պիտի ըլլան․ Լեհաստանի վարչապետ

Ռուսիոյ համար այս աշունն ու ձմեռը, ըստ ամենայնի, վճռորոշ պիտի ըլլան։ Այս մասին յայտարարած է Լեհաստանի վարչապետ Տոնալտ Թուսքը։

«Ռուսիոյ համար այս աշունն ու ձմեռը, ըստ ամենայնի, վճռորոշ պիտի ըլլան։ Ռուսերը կ՚ուզն 600,000 զինուոր զօրակոչել։

Առաջիկայ եօթ ամիսները հաստատ վճռորոշ պիտի ըլլան։ Ուքրանիա-ռուսական պատերազմը կը գտնուի բեկումնային փուլի մէջ»,– նշած է Թուսքը։

Յիշեցնենք, որ աւելի վաղ Ռուսիոյ նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքովը եւ Ռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի փոխնախագահ Տմիթրի Մետվետեւը յայտարարած էին, որ Ռուսիոյ մէջ զօրահաւաքի ծրագիրներ չկան։