image
Հրատապ լուրեր:

Սահակաշվիլիի վիճակը՝ «քրիթիք»

Սահակաշվիլիի վիճակը՝ «քրիթիք»

Թիֆլիսի բժշկական կեդրոններէն մէկուն մէջ բուժում ստացող Վրաստանի նախկին նախագահ Միխայիլ Սահակաշվիլիի վիճակը ծայրայեղ ծանր է, եթէ կշիռքի կորուստը շարունակուի, անդառնալի գործընթացներ կը սկսին։ Այս մասին գրած է ՌԻԱ Նովոստին՝ վկայակոչելով Վրաստանի մարդկային իրաւանց պաշտպանի գրանսենեակին կից բժիշկ Կէորկի Կրիկոլիան։

«Կախեքսիան (հիւծանք-խմբ․) սրման ընթացքի մէջ է: Այն, ինչ կը կատարուի Սահակաշվիլիի հետ, օրինաչափութիւն է. ան կշիռքը կը կորսնցնէ, տեղի կ'ունենայ մկանային եւ արդէն իսկ ոսկրային հիւսուածքներու քայքայում»,- լրագրողներու հետ զրոյցին ըսած է Կրիկոլիա՝ աւելցնելով, որ այս ամէնը պայմանաւորուած է անով, որ Սահակաշվիլի չի ստանար իր վիճակին համարժէք բուժում:

Բժիշկի խօսքով, եթէ «քաղաքական գործիչի կշիռքը նուազի մինչեւ 55 քկ, ապա կը սկսին անդառնալի գործընթացներ, ան գամուած կը մնայ անկողնին»։ Ներկայ պահուն Սահակաշվիլի կը կշռէ 64 քկ, սակայն կշիռքի կորուստի միտումը կը պահպանուի։

Վերջին անգամ մարդկային իրաւանց պաշտպանի գրասենեակի բժիշկները Սահակաշվիլին զննած են 19 փետրուարին։ Անոնց պաշտօնական եզրակացութեան մէջ ըսուած է, որ հիւանդին մօտ առկայ է հաւասարակշռութեան կորուստ, մտաւոր գործառոյթներու թուլացում, անոր օրկանիզմին մէջ սկսած է հիւսուածքներու ինքնաքայքայման գործընթաց, մկաններու ապաճում, չորրորդ աստիճանի հիւծանք եւ ծայրամասային ու ինքնավարական ջղախտութիւն։