image

Վերին Շորժայի մէջ վիրաւորուած զինուորի վիճակը՝ կայուն

Վերին Շորժայի մէջ վիրաւորուած զինուորի վիճակը՝ կայուն

14 օգոստոսին, Վերին Շորժայի մէջ Ատրպէյճանի զինուած ուժերու կողմէ վիրաւորում ստացած զինծառայողը վիրահատուած է կայազօրային հիւանդանոցը, ան փոոխադրուած է Կեդրոնական հիւանդանոց:

Այս մասին յայտնած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան խօսնակ Արամ Թորոսեան:

Ան մանրամասնած է, որ վիճակը կը գնահատուի ծանր, այս պահու դրութեամբ կեանքին վտանգ չի սպառնար եւ կը գտնուի բժիշկներու հսկողութեան տակ։

Յիշեցնենք, որ  14 օգոստոսին` ժամը 19։50-ի սահմաններուն, Ատրպէյճանի Զինուած ուժերու ստորաբաժանումները հրաձգային զէնքերէն կրակ բացած են Վերին Շորժայի հատուածը տեղակայուած հայկական դիրքերու ուղղութեամբ, որու հետեւանքով վիրաւորուած է զինծառայող Ս. Դ.: