ՀԱՊԿ-էն Հայաստանի դուրս գալու պահանջով Երեւանի մէջ տեղի ունեցած ցոյցերը հաւանաբար կազմակերպած են ԱՄՆ ոչ առեւտրային կազմակերպութիւնները՝ կապուած ԱՄՆ Քոնկրէսի Ներկայացուցիչներու պալատի խօսնակ Նենսի Փելոսիի այցի հետ։ Այս կարծիքը կիրակի յայտնած է Տումայի ԱՊՀ գործերով, եւրասիական համարկման եւ հայրենակիցներու հետ կապերու յանձնաժողովի նախագահի առաջին տեղակալ Վիքթըր Վոտոլացքին։
«Հայաստանի մէջ կան որոշակի ուժեր, որոնք կը ֆինանսաւորուին ԱՄՆ հասարակական կազմակերպութիւններու (ՀԿ) կողմէ, եւ, ցաւօք, անոնք շատ են... Բնականաբար, Փելոսիի ժամանումը կանխատեսած էին այն ուժերը, որոնք այսօր դուրս եկած են ցոյցերու»,-ըսած է պատգամաւորը ԹԱՍՍ-ի թղթակցի հետ զրոյցի ժամանակ:
Վոտոլացքին նշած է, որ Հայաստանի մէջ մեծ թիւով հայրենակիցներ կ'ապրին, եւ երկրին մէջ իրավիճակը «անկլօ-սաքսոններու եւ Փելոսիի օգտին չէ», այնուամենայնիւ, խորհրդարանականը կոչ ըրած է ԱՊՀ բոլոր կառոյցներուն աւելի աշխուժ աշխատիլ իրենց հայ գործընկերներու հետ։
«Սադրանքներ կան, բայց անոնք ոչ մէկ արդիւնք կու տան, հաշուի առնելով, որ այնտեղ աշխուժ կ'աշխատին ամերիկեան դեսպանատունը եւ հասարակական կազմակերպութիւնները՝ բոլորս՝ ՀԱՊԿ-ը, ՇՀԿ-ն եւ առաջին հերթին ԱՊՀ կառոյցները՝ սկսած մեր յանձնաժողովէն, վերջացած բոլոր Եւրասիական յանձնաժողովներով, աւելի սերտ եւ աշխուժ աշխատինք Հայաստանի մէջ մեր գործընկերներու հետ եւ լաւ, բարի առաջարկներ ընենք՝ կոտրելու համար այն իրավիճակը, որ այսօր այնտեղ կը ձեւաւորուի»,-ըսած է Վոտոլացքին։
Շաբաթ Նենսի Փելոսին ժամանած է Հայաստան, ուր պիտի մնայ մինչեւ 19 սեպտեմբեր։ Հայաստանի մէջ ԱՄՆ դեսպանատան տեղեկացմամբ՝ այցի ընթացքին ան պիտի հանդիպի երկրի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հետ՝ քննարկելու հայ-ամերիկեան յարաբերութիւնները եւ անվտանգութեան ներկայ իրավիճակը։
Նշենք, որ երէկ մի քանի հարիւր աքթիւիսթներ հանրահաւաք կազմակերպած են Երեւանի կեդրոնին՝ Ազատութեան հրապարակին մէջ՝ ՀԱՊԿ-էն Հայաստանի դուրս գալու պահանջով։