ՆԱԹՕ-ի եւ Ռուսիոյ յարաբերութիւններուն մէջ ետդարձի ճանապարհ չկայ, ըսած է ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղար Ենս Սթոլթընպըրկ: Անոր խօսքով՝ նոյնիսկ ուքրանական հակամարտութեան աւարտը չի յանգեցներ յարաբերութիւններու կարգաւորման, գրած է gazeta.ru-ն:
«Մենք պէտք է գիտակցինք, որ այս պատերազմի աւարտը չի յանգեցներ Ռուսիոյ հետ նորմալ յարաբերութիւններու»,- ընդգծած է ան։
Սթոլթընպըրկ յայտարարած է, որ Ռուսիոյ հետ հակամարտութեան մէջ Ուքրանիոյ աջակցիլը «կը բխի դաշինքի սեփական անվտանգութեան շահերէն»։ Այս մասին ան յայտարարած է Ֆինլանտայի մէջ SAMAK գագաթնաժողովին (Սքանտինաւեան աշխատաւորական շարժման համագործակցութեան կոմիտէ, սոցիալ-դեմոկրատական կուսակցութիւններու եւ սքանտինաւեան երկիրներու աշխատողներու խորհուրդներու դաշինք) իր ելոյթի ժամանակ։
Գլխաւոր քարտուղարը յորդորած է ՆԱԹՕ-ի երկիրները մեծցնել պաշտպանական ծախսերը՝ ընդգծելով, որ Քիեւին աջակցութիւնը կը բխի դաշինքի անդամ երկիրներու «անվտանգութեան շահերէն»։ Բայց ամենամեծ վտաանգը, անոր կարծիքով, ոչ թէ հակամարտութեան սրումն է, այլ Ուքրանիոյ նկատմամբ Ռուսիոյ յաղթանակը։
«Ես մտահոգութիւններ կը լսեմ առ այն, որ Ուքրանիոյ մեր աջակցութիւնը կը մեծցնէ սրման վտանգը։ Բայց… հիմա առանց վտանգի տարբերակներ չկան: Թող ոչ ոք կասկածի. ամենամեծ վտանգը նախագահ Փութինի յաղթանակն է Ուքրանիոյ մէջ»,- աւելցուցա է Սթոլթընպըրկ։