image

Ռուսիան տարհանած է Զապորոժիէն շրջապատած քաղաքներու բնակչութիւնը

Ռուսիան տարհանած է Զապորոժիէն շրջապատած քաղաքներու բնակչութիւնը

Ռուսիան տարհանած է Զապորոժիէի միջուկային կայանի մօտակայ քաղաքը։ Այս մասին գրած է BBC-ն։

Ռուսիան մարդոց կոչ ըրած է լքելու Զապորոժիէի շրջանի 18 բնակավայր, այդ շարքին՝ միջուկային կայանի մօտիկ Էներկոտարը՝ Քիեւի ակնկալուող յարձակումէն առաջ:

BBC-ի Newshour հաղորդման հետ զրոյցին Աթոմային ուժի միջազգային գործակալութեան (ՄԱԳԱՏԷ) տնօրէն Ռաֆայէլ Կրոսսին ըսած է, որ աթոմակայանի մօտ բնակիչներու տարհանումը կը վկայէ աթոմակայանի շուրջ ռուսական եւ ուքրանական ուժերու միջեւ ծանր մարտերու հաւանականութեան մասին:

Կրոսսին աւելցուցած է, որ քանի մը շաբաթ առաջ գործարան այցելելու ժամանակ ստիպուած եղած է անցնիլ ականապատ դաշտով:

Ան ըսած է, որ թէեւ կայանի ելեկտրական գործիքները (ռեաքթորներ) ելեկտրականութիւն չէին արտադրեր, անոնք դեռեւս բեռնուած էին միջուկային նիւթերով: