Ռուս զբօսաշրջիկներու աշնանային արձակուրդի ամենատարածուած ուղղութիւններէն են Հայաստանը, Ուզպեքիստանը, Խրխզիստանը եւ Թուրքիան։ Այս մասին յայտնած է Ճանապարհորդական ուղղութիւններու վերահսկման ծառայութիւնը։
Ամէնէն տարածուած երկիրներու քսանեակին մէջ տեղ գտած են նաեւ Կիպրոսը, Եգիպտոսը, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները, Յունաստանը, Իտալիան եւ Մոնթենեկրօն։