Եւրոպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան մէջ (ԵԱՀԿ) անհրաժեշտ է ստեղծել անդամակցութենէն զրկելու մեխանիզմ եւ հեռացնել Ռուսաստանը: Նման առաջարկով հանդէս եկած է Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարար Տմիթրի Քուլեպան:
Արտաքին գործոց նախարարին խօսքով` Ռուսաստանի մասնակցութիւնը ԵԱՀԿ-ին վտանգ կը ներկայացնէ Եւրոպայի անվտանգութեան համար:
«Ռուսաստանի չարդարացուած յարձակումը եւ վայրագութիւնները քանդեցին Հելսինքեան եզրափակիչ վճիռի հիմքերը: Ռուսաստանի անդամակցութիւնը ԵԱՀԿ-ին վտանգ կը ներկայացնէ Եւրոպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան համար: Եթէ ԵԱՀԿ-ը չունի երկիրներու անդամակցութիւնը կասեցնելու համապատասխան մեխանիզմներ, ապա այդ անհրաժեշտ է ստեղծել ընթացակարգ եւ հեռացնել Ռուսաստանի Դաշնութիւնը», ըսած է Քուլեպան: