image

Ռուսաստանի մէջ «Քորոնա»ով վարակուածներու թիւերը կը շարունակեն աճ գրանցել

Ռուսաստանի մէջ «Քորոնա»ով վարակուածներու թիւերը կը շարունակեն աճ գրանցել

Ռուսաստանի Դաշնութեան մէջ «Քորոնա» ժահրի հաստատուած դէպքերու թիւը անցած է 3 միլիոնը, վերջին մէկ օրուայ մէջ գրանցուած է աւելի քան 29 հազար նոր դէպք:

«Արմէնբրես»-ի հաղորդմամբ` այս մասին կը յայտնէ ՌԻԱ Նովոսթին՝ ներկայացնելով երկրի «Քորոնա» ժահրի տարածման կանխարգիլման կեդրոնի տուեալները:

«Վերջին մէկ օրուայ ընթացքին, Ռուսաստանի մէջ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրով վարակման 29258 նոր դէպք: Ընդհանուր դէպքերու թիւը հասած է 3 միլիոն 21 հազար 964-ի»,- ըսուած է հաղորդագրութեամբ:

Ռուսաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրէն բուժուած է 2 միլիոն 426 հազար 439 հոգի, մահացած` 54 226 մարդ: