«Ուաշինկթընի մէջ Ատրպէյճանի նախագահի եւ Հայաստանի վարչապետի ստորագրած համատեղ յայտարարութիւնը միջպետական յարաբերութիւնները կարգաւորող փաստաթուղթ է:
Արեւմտեան Ատրպէյճանի համայնքի գործունէութիւնը կը ներկայացնէ միջազգային համաձայնութիւններով ամրագրուած մարդկային իրաւանց եւ վերադարձի իրաւունքի ապահովման ուղղուած հասարակական աշխուժութիւն: Այս առումով համայնքի գործունէութիւնն ուղղակի կապ չունի միջպետական յարաբերութիւններուն եւ խաղաղութեան համաձայնագիրին հետ»։ Այս մասին յայտարարած է այսպէս կոչուած «Արեւմտեան Ատրպէյճան» համայնքի նախագահ, պատգամաւոր Ազիզ Ալեքփերլի:
«Մեր գործունէութիւնը մեր պատմական հողերու խաղաղ վերադարձի մէջ է։ Համայնքը երբեք դէմ չէ եղած Հայաստանի ինքնիշխանութեան կամ տարածքային ամբողջականութեան։ Ինչպէս ընդգծած է պարոն նախագահը, մենք Արեւմտեան Ատրպէյճան պիտի վերադառնանք ոչ թէ հրասայլերով, այլ ինքնաշարժներով:
Մենք յոյս ունինք, որ խաղաղութեան օրակարգի առաջմղումը պայմաններ պիտի ստեղծէ արեւմտեան ատրպէյճանցիներուն՝ հայրենի վայրեր վերադառնալու համար:
Արեւմտեան Ատրպէյճանի համայնքը պիտի շարունակէ իր գործունէութիւնն այդ ոլորտին մէջ»։