image

Ռուսիա եւ Ուքրանիա կը շարունակեն փոխադարձ հարուածները

Ռուսիա եւ Ուքրանիա կը շարունակեն փոխադարձ հարուածները

Ռուսական զինուած ուժերու հարուածներու հետեւանքով, Ուքրանիոյ Տնեփրոփեթրովսքի մարզին մէջ վնասուած են ելեկտրահաղորդման գիծեր, կազատարեր, ինչպէս նաեւ մասնաւոր բնակարաններ։ Փոլթավայի մարզի Քրեմենչուկ քաղաքն ալ ենթարկուած է յարձակման․ նախնական տուեալներով՝ գործածուած են «Քինժալ» եւ «Իսքանտեր» տեսակի հրթիռներ։ Յարուցուած վնասներու կամ զոհերու մասին տեղեկութիւն չի հաղորդուիր։

Պայթումներ լսուած են նաեւ Օտեսայի մէջ, որ յարձակումի ենթարկուած էր նաեւ Յունիս 20-ին․ այդ ժամանակ մէկ մարդ զոհուած էր, եւ աւելի քան տասը՝ վիրաւորուած։ Սումիի մէջ, անօդաչու սարքերու հարուածներու հետեւանքով, վնասուած են երկու հինգ յարկանի շէնքեր, իսկ մէկ կին վիրաւորուած է։

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը իր հերթին յայտնած է ուքրանական հինգ անօդաչու սարքեր խոցելու մասին։ Ռուս զինուորական վերլուծաբաններու համաձայն, ռուսական ուժերը արդէն աշխուժ մարտական գործողութիւններ կ՚իրականացնեն Սումիի մարզի մօտաւորապէս տասը բնակավայրերու մէջ եւ առաջխաղացում արձանագրած են ռազմաճակատի տարբեր ուղղութիւններով։

Աւելի վաղ, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարած էր, թէ Սումիի գրաւումը նպատակ չէ ներկայիս, բայց նման զարգացման հնարաւորութիւնը բացառուած չէ։ Իսկ Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարար Անտրէյ Սիպիհա այդ յայտարարութիւնը որակած է իբրեւ անարգալից վերաբերմունք՝ Ուաշինկթընի խաղաղութեան հասնելու ջանքերուն նկատմամբ։