image
Հրատապ լուրեր:

Ռուսաստանի դէմ արտահանման ամենախիստ սահմանափակումնե՞ր

Ռուսաստանի դէմ արտահանման ամենախիստ սահմանափակումնե՞ր

ԱՄՆ որոշած է Ռուսաստանը ներառել այն երկիրներու ցանկին մէջ, որոնք ենթակայ են արտահանման ամենախիստ սահմանափակումներու, ինչպէս Իրանի, Հիւսիսային Քորէայի, Գուպայի եւ Սուրիոյ պարագային: 

Ըստ Bloomberg-ի՝ ԱՄՆ-ն այս կերպ կը փափաքի օգտագործել իր արհեստագիտական առաւելութիւնը՝ հարուածելու Ռուսաստանի ռազմական եւ քաղաքացիական հատուածները, ինչպէս նաեւ անոր արհեստագիտական յաւակնութիւնները։

Ուքրանիոյ մէջ ստեղծուած իրավիճակին պատճառով Ռուսաստանի դէմ ամերիկեան պատժամիջոցները կրնան ներառել սպառողական ապրանքներու արտահանման սահմանափակումներ։

Ըստ հրապարակման՝ Ուքրանիոյ մէջ իրավիճակի սրման պարագային ԱՄՆ Առեւտուրի նախարարութիւնը կրնայ սահմանափակումներ մտցնել ամերիկեան ելեկտրոնական սպառողական ապրանքներու՝ հեռախօսներու, համակարգիչներու, սառնարաններու, պնակ լուացող մեքենաներու վրայ։

Բացի այդ, հնարաւոր է, որ ԱՄՆ-ն պատժամիջոցներ կիրառէ Ռուսաստանի օդատիեզերական եւ ռազմարդիւնաբերական ոլորտներու նկատմամբ, այդ շարքին՝ սահմանափակումներ Մոսկուայէն արտահանուող մարտական ինքնաթիռներու, հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու եւ տիեզերական համակարգերու նկատմամբ։ Վերջին օրերուն Ուաշինկթընը իր դաշնակիցներուն հետ քննարկած է նաեւ Ռուսաստանի մեծագոյն ֆինանսական հաստատութիւններու անջատումը միջազգային դրամատնային եւ վճարային համակարգերէն։