Regnum գործակալութիւնը յօդուած մը հրապարակած է՝ կրկին անդրադառնալով Հայաստանի մէջ կենսաբանական տարրալուծարաններու առկայութեան խնդրին։ Յօդուածին մէջ հեղինակը փորձած է դաւադրապաշտական տեսութիւն յօրինել՝ մեղադրելով Երեւանը ԱՄՆ-ի հետ համագործակցութեան մէջ՝ ընդդէմ Ռուսիոյ։ Այդ կապակցութեամբ հեղինակը քանիցս յիշեցուցած է Ռուսիոյ Պաշտպանութեան նախարարութեան՝ 2022թ. յուլիս 7-ի յայտարարութիւնը, որով կը յայտնուէր, որ բացայայտուած է նախկին ՍՍՀՄ տարածքին մէջ ամերիկացի ռազմական կենսաբաններու գործունէութիւնը։ Ըստ ռուսական կողմի պնդումներու՝ այս արշաւին մասնակցած են Վրաստանն ու Հայաստանը։ Տարածուած հաղորդագրութեան մէջ ըսուած է, որ Երեւանի «նման վարուելակերպը ակնյայտօրէն կը հակասեն Ռուսիոյ եւ Հայաստանի միջեւ նախապէս կնքուած յուշագրին, որով կը յայտարարուէր երրորդ տէրութիւններու կողմէ երկու երկիրներու տարածքին ցանկացած ռազմական կենսաբանական զարգացումներու մերժման մասին»։
Այս պնդումները, սակայն, հերքուած էին ԱՄՆ Արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ։ Նաեւ Հայաստանի անվտանգութեան խորհուրդը պնդած է, թէ այս քայլը համաշխարհային առողջապահութեան անվտանգութեան սպառնացող վտանգներու նուազեցմանն ուղղուած համագործակցային գործընկերութեան դրսեւորում է։
ՀՀ անվտանգութեան խորհուրդի տարածած հաղորդագրութեան մէջ ըսուած էր, որ «Քորոնա» ժահրային համաճարակն (COVID-19) ընդգծած է վարակիչ հիւանդութիւններու վերահսկման, ախտորոշման եւ արձագանգման համար ազգային հզօր կարողութիւններու կարեւորութիւնը, եւ այս կարողութիւններու զարգացման գործին մէջ կարեւոր դեր կը խաղան միջազգային համագործակցութիւնը եւ աջակցութիւնը:
«Մեր կառավարութիւնները բաց եւ թափանցիկ համագործակցել են Կենսաբանական վտանգների նուազեցման ծրագրի շրջանակներում, որն ԱՄՆ պաշտպանութեան դեպարտամենտի Վտանգների նուազեցման գործակալութեան ծրագրի մաս է կազմում: Այս գործընկերութիւնները բացառապէս խաղաղ նպատակներ են հետապնդում եւ ոչ մի աղերս չունեն կենսաբանական զէնքի հետ։ Մեր կառավարութիւնները վճռականօրէն հաստատում են այն ընդհանուր մօտեցումը, որ նման համագործակցութիւնը ոչ թէ պէտք է խոչընդոտուի, այլ խթանուի եւ ամրապնդուի: 10-րդ յօդուածի համաձայն՝ մենք խրախուսում ենք «Կենսաբանական զէնքի մասին» պայմանագրի բոլոր մասնակից պետութիւններին՝ ի պաշտպանութիւն այս նպատակի աշխատել միասին, այդ թւում՝ գալիք Վերանայման կոնֆերանսում»,-նշուած է ՀՀ անվտանգութեան խորհուրդի յայտարարութեան մէջ։
Տարակուսելի է, որ հայ-ռուսական յարաբերութիւններու վերաբերեալ Regnum-ը նման յօդուած կը հրապարակէ՝ առանց խորանալու հարցի մէջ եւ կը փորձէ ընդամէնը ցնցում պատճառել՝ ձեռքի հետ մեղադրելով հայկական կողմը հակառուսականութեան մէջ։ Հայաստանը բազմիցս անթաքոյց կերպով եւ անկեղծօրէն ներկայացուցած է նշեալ տարրալուծարաններու գործունէութիւնը թէ՛ հրապարակային մակարդակով, թէ՛ ռուսական կողմի հետ մասնաւոր քննարկումներու։ Հետեւաբար, այդ, ըստ էութեան, խնդիր չէ։ Հնարաւոր է, որ յօդուածը հեղինակուած է յատուկ պատուէրով՝ վնասելու հայ-ռուսական յարաբերութիւններուն։
Հայկ Մագոյեան