image

Ռուսական կազի յաւելեալ հոսք դէպի Ատրպէյճան

Ռուսական կազի յաւելեալ հոսք դէպի Ատրպէյճան

Ռուսիա Ատրպէյճանի հետ պայմանաւորուած է աւելցնել ներքին սպառման համար կազի մատակարարումները։ Այս մասին ԹԱՍՍ-ին տուած հարցազրոյցի ժամանակ ըսած է Ռուսիոյ փոխվարչապետ Ալեքսանտր Նովաքը։

«Ատրպէյճանի հետ կայ պայմանաւորուածութիւն՝ աւելցնելու մեր մատակարարումները, քանի որ անոնք դեռ կազի պակաս ունին»,-ըսած է ան։

Նովաք յայտնած է, որ ապագային կողմերը կրնան քննարկել նաեւ փոխանակմամաբ (swap) մատակարարումներու հարցը։