image

Ռուսահպատակ Սամուէլ Կարապետեանի անունը դարձեալ Forbes-ի ցուցակին մէջ

Ռուսահպատակ Սամուէլ Կարապետեանի անունը դարձեալ Forbes-ի  ցուցակին մէջ

2022 թուականը անկման տարի էր աշխարհի 2640 միլիառատէրերէն շատերու համար, այդ շարքին՝ առաջին հորիզոնականներու վրայ գտնուողներու համար, գրած է հեղինակաւոր Forbes հանդէսը՝ հրապարակելով աշխարհի 25 ամենահարուստ մարդոց ցանկը:

Անոնց ընդհանուր կարողութիւնը գնահատուած է 2,1 թրիլիոն տոլար՝ 200 միլիառ տոլարով պակաս՝ 2022 թուականի 2,3 թրիլիոնի համեմատ։

Ցանկը առաջին անգամ գլխաւորած է LVMH-ի ղեկավար Պերնար Առնոն: Ան վաստակած է 53 միլիառ տոլար՝ աւելի շատ, քան ցանկացած միլիառատէր, որ բաւական եղած է առաջին անգամ առաջին հորիզոնականը զբաղցնելու համար: Առնոն ունի 211 միլիառ տոլար:

Հանդէսը գրած է, որ 2022-ին ոչ ոք աւելի շատ կորուստներ կրած է, քան Ճեֆ Պեզոսը. Amazon-ի արժեթուղթերու գինը ինկած է 38%-ով։ Անկումը Պեզոսի կարողութիւնը նուազեցուցած է 57 միլիառ տոլարով: Ան այս տարուան վարկանիշին մէջ երրորդն է: Այժմ ան ունի 114 միլիառ տոլար:

Կորսուած ֆինանսական միջոցներու ցուցանիշով Պեզոսին կը յաջորդէ Իլոն Մասքը: Ան աշխարհի ամենահարուստ մարդու տիտղոսէն զրկուած է Twitter-ի գնումէն ետք, որ ան մասամբ ֆինանսաւորած է Tesla-ի արժեթուղթերը վաճառելով, որ վախցուցած է ներդրողները։ Մասքը, որու կարողութիւնը նուազած է 39 միլիառ տոլարով, այժմ վարկանիշին մէջ կը զբաղցնէ երկրորդ տեղը։ Այժմ անոր կարողութիւնը կը գնահատուի 180 միլիառ տոլար:

Չորրորդ տեղը գրաւած է Լարի Էլիսոնը՝ 107 միլիառ տոլարով, անոր կը յաջորդեն Ուորէն Պաֆեթը (106 միլիառ տոլար), Պիլ Կէյթսը (104 միլիառ տոլար), Մայքլ Պլումպըրկը (94.5 միլիառ տոլար), Քարլոս Սլիմ Հելուն (93 միլիառ տոլար), Մուքեշ Ամպանին (83.4 միլիառ տոլար), Սթիւ Պալմերը (80.7 միլիառ տոլար):

Նշենք, որ ռուսաստանաբնակ հայազգի գործարար Սերգէյ Կալիցքին (Յարութիւնեան) կը զբաղցնէ 905-րդ հորիզոնականը եւ ունի 3.2 միլիառ տոլար: Անոր կարողութիւնը, նախորդ տարուած համեմատ, չէ փոխուած:

Մինչդեռ Սամուէլ Կարապետեանը կը զբաղցնէ 1104-րդ հորիզոնականը եւ ունի 2.7 միլիառ տոլար: Անոր կարողութիւնը, պարբերականի գնահատմամբ, նախորդ տարուան համեմատ աւելցած է 1.1 միլիառ տոլարով:

Ամբողջական ցանկին կրնաք ծանօթանալ այստեղ: