«Հեռավար» պատերազմ. Պէյրութեան սենարի կրկնութիւն
Կանխատեսելի էր, որ Իսրայէլ ռազմական գործողութիւն մը ձեռնարկէ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դէմ, բայց ոչ ոք կը մտածէր, որ «Թիրախային հարուածներ»ու իսրայէլեան «խաղաոճը» կրնայ վերածուիլ երկարատեւ պատերազմի, որուն ծայրը մինչեւ այս պահը չերեւիր։
Իսրայէլեան աղբիւրներ, որոնք պատերազմի առաջին օրերուն յստակ վերլուծութիւններ կատարելէ զերծ մնացին աւելի ուշ գրեցին, թէ այս պատերազմը կրնայ տեւել առնուազն երկու շաբաթ։ Նոյնը ըսաւ Իսրայէլի վարչապետ Բէնիամին Նաթանիահուն, որ միեւնոյն ժամանակ հրճուանքով մը խօսեցաւ, (յատկապէս երէկ) իսրայէլեան օդուժի գերակայութեան մասին ու նշեց, որ իրենց համար Թեհրանի օդը բաց է...։ Այս խօսքերը անշուշտ ռազմավարական տեսակէտէ որոշակի սլաքներ կ՚արձակէին տարածաշրջանի բոլոր կողմերուն եւ յատկապէս անոնց, որոնք Իրանը կը համարէին ռազմական իւրայատուկ ուժ եւ ռազմական-մարտավարական «խորհուրդ» ունեցող երկրամաս մը։
Այս բոլորին զուգահեռ անտեսելու չենք ի հարկէ Իրանի «Հրթիռային համակարգ»ի արդիւնաւէտութիւնը, որ կը յաջողէր «պատուաբեր» հարուածներ տալ Իսրայէլի մայրաքաղաք Թէլ Աւիւին ու շարք մը քաղաքներուն, բայց եւ այնպէս բոլորին համար պարզ ու յստակ էր, որ այդ հարուածները ոչ մէկ կերպ ներուժը ունին պատերազմի ընդհանուր հունին մէջ մեծ բան մը փոխելու, բեկում մը առաջացնելու կամ նժարի մէկ ափին ծանրութիւնը՝ Իրանի կողմէ թեքելու։
Նախքան խնդրի քաղաքական երեսակը քննարկելս, հարկ է նշեմ, որ այս պատերազմը կը մղուի բացառապէս «հեռավար» միջոցներով եւ այդ առումով ալ Իրանի ռազմական ուժը, բանակային ներուժի «ձեռք»ը, միտքն ու տոկունութիւնը մեծ «շանսեր» չունին իրենք զիրենք պարտադրելու համար։
Իսրայէլի նպատակը կարեւորագոյն կէտը Իրանի ռազմական եւ եւ ֆիզիքոսներու փաղանգի գլխատումն է, որ կրնայ երկար չտեւել այս ընթացքով, որուն աւարտին ալ Իրանը պիտի յայտնուի բաւական անմխիթար վիճակի մը մէջ։
Իսրայէլը ուրեմն նպատակ չունի գրաւելու Իրանը եւ Թէլ Աւիւի հիմնական նպատակն է հիմնովին թուլացնել Թեհրանը եւ զայն մղել «կոտրուած» եւ «թուլացած» կերպով վերադառնալ բանակցութեանց սեղան։
Ռազմականէն անդին... Խնդրի Քաղաքական Խորքը
Իրան-Իսրայէլ հակամարտութեան քաղաքական երեսակին մասին խօսելով հարկ է նկատել, որ Ամերիկացիք ամէն գնով կուզեն հեռու մնալ այս պատերազմին մէջ ներքաշուելէ։
Այդ առումով ալ աւելի քան յստակ էր ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփի հնչեցուցած ուղերձը, որ «բաց նամակ» մըն էր յղուած Իրանին։
Թրամփ կ՚ըսէր, թէ ԱՄՆ նախայարձակ պիտի չդառնայ ու պիտի չհարուածէ Իրանը, բայց եթէ իրանցիք այդ ընտրանքին երթան, ապա Միացեալ Նահանգներ պատրաստ է շատ ծանր հարուածներով պատասխանել Իրանին։
Ոչ Իրան, ոչ ալ ԱՄՆ պատրաստ են իրար դէմ հակամարտելու եւ այս առումով ալ յուսադրիչ նշաններ կան, որ Թրամփ ստիպէ Նաթանիահուն դադրեցնելու համար կրակը։
Միւս կողմէ շատ կը խօսուի այն մասին, որ Իսրայէլի տուած հարուածները բաւարար ներուժը չունին ամբողջական կերպով «շարքէ հանելու» Իրանի աթոմային կեդրոնները։
Կը նշուի, որ (օրինակի համար) Նաթանզ կեդրոնի կարեւորագոյն «Ռէաքթորներ»ը կը գտնուին լեռնային հատուածներու մէջ, եւ անհասանելի են իսրայէլեան ուժերուն կամ օդային ներուժին համար։ Այնպէս, որ եթէ Իսրայէլի բուն նպատակը Իրանի աթոմային կեդրոններու վերացումն է, ապա այդ մէկը իրականութիւն դառնալէ շատ հեռու է։
Առանց ԱՄՆ-ի նեցուկին Իսրայէլ պիտի չկարողանայ այդ «փափաք»ը իրականութեան վերածելու։
Ի դէպ բնաւ պատահական չեղաւ այս խօսքը, մանաւանդ, որ սոյն գիրը տակաւին չէի աւարտած, երբ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ իր սեփական ընկերային հարթակին վրայ գրառում մը կատարելով «վստաեցուց», որ շուտով խաղաղութիւն պիտի հաստատուի Մերձաւոր Արեւելքի մէջ։
Թրամփ բառացիօրէն կ՚ըսէր, թէ ինք պիտի հաշտեցնէ Իրանն ու Իսրայէլը, ինչպէս նոյնը ըրաւ Հնդկաստան-Իրան հակամարտութեան ժամանակ։
Մինչ Թեհրան եւ Թէլ Աւիւ կը շարունակէին ռմբակոծութիւններէը, նախագահ Թրամփի այս յայտարարութիւնը կու գար «պաղ ջուր» լեցնելու այսքան լարուած եւ մեծ հարցումներով լեցուն հարցումներուն վրայ։
Ամէն պարագայի, եթէ խորքային հայացքով մը դիտարկենք անցնող երեք օրերուն տեղի ունեցած դէպքերը ապա պիտի գանք այն համոզման, որ Իրանի Քիմիկոսներու, բայց մանաւանդ ռազմական ոլորտի գործիչներուն դէմ եղած հաշուեյարդարէն ասդին Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան ձեռքին շատ խաղաքարտեր չեն մնացած։ Եթէ ոմանց համար Թէլ Աւիւի, եւ իսրայէլեան մի քանի քաղաքներու երկինքին երեւելի դարձած իրանեան հրթիռներու «տողանցք»ը որոշակի ոգեւորութիւն մէջտեղ կը բերէ, ապա վստահ եմ, որ այդ ոգեւորութիւնը շուտով պիտի շոգիանայ...։ Անկախ արտաքին հանգամանքներէն Իրանի իշխանութիւնները, եւ յատկապէս Իրանի «խորքային պետութեան» ասպետները (գլխաւորութեամբ՝ Իրանի հոգեւոր Առաջնորդ Այաթոլլա Ալի Խամէնիին) յանգած են այն համոզման, որ Իրանի ապահովական ոլորտը մեծ առումներով վիրաւոր է։ Վիրաւոր է, ոչ միայն անոր համար, որ աւելի քան քսան իրանցի զօրահրամանատարներ սպաննուեցան (ընդամէնը ժամերու ընթացքին), այլ անոր համար, որ այդ սպաննութիւնները տեղի ունեցան լրտեսական ստուար եւ «հաստատուն» ցանցի մը նեցուկով։ Սա արդէն շատ բան կ՚ըսէ, թէ ինչ ներքին իրավիճակ մը ունի Իրանի «սիսթեմ»ը, որ մեծ առումներով այսօր կանգնած է քայքայման փուլի մը առջեւ։
Խնդիր է անշուշտ, թէ ո՞վ կրնայ փոխարինել Իրանի այս իշխանութիւնները եւ նոյն առումով ինչպէս պիտի կատարուի իշխանական բուրգի նոր բաժանումը։
Այդ երկրին մէջ առկայ ներքին բաժանումները, շահերու եւ մօտեցումներու բախումները նորութիւն մ ը չեն, սակայն բոլոր առումներով այդ երկու թեւերն ալ վիրաւոր են, տկարացած եւ կերպով մըն ալ պառակտուած։
Ոչ Ռուսիան, ոչ Չինաստանը եւ ոչ ալ Միացեալ Նահանգները երբեք պիտի չուզեն, որ Իրանի մէջ իշխանական համակարգը կամ «Իրանեան սիսթեմ»ը ամբողջապէս քանդուի, որովհետեւ ոչ ոք կրնայ ապահովագրել, թէ որոնք պիտի կարողանան նոր իշխանութիւն մը կազմել, այն պարագային,պ որ երկրին մէջ իշխող մեծամասնութիւնէն բացի, ոչ մէկ կողմ, ոչ մէկ քաղաքական-քաղաքացիական համայնք բաւարար ներուժ ունի երկրին ամբողջական տէրութիւն ընելու տեսակէտէ։
Ու այս բոլորն անշուշտ կը բանան անվերջանալի եւ մտատանջող հարցադրումները մեծ տուփին կափարիչը եւ ապահովաբար այդ հարցումներուն մէջ տառապանքի մեծագոյն բաժինը բախտ պիտի վիճակուի իրանցի վիրաւոր ժողովուրդին, որ աւելի քան քառասուն տարիներէ ի վեր կը շարունակէ թանկ գին վճարել ոտքի պահելու համար «Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւն»ը, որուն մէջ «Իսլամական Յեղափոխութիւն»ը վերածուած է հինցած եւ սպառած լոզունգի։
Սագօ Արեան
«Ժամանակ»/Պոլիս