image

Խամենէի. «Իրանի ժողովուրդը պիտի չյանձնուի»

Խամենէի. «Իրանի ժողովուրդը պիտի չյանձնուի»

Իրանի ժողովուրդը պիտի դիմադրէ թէ՛ պարտադրուած պատերազմին եւ թէ՛ պարտադրուած խաղաղութեա, եւ պիտի չյանձնուի որեւէ մէկուն. այս մասին ըսած է Իրանի գերագոյն առաջնորդ այաթոլլահ Ալի Խամենէի:

Անոր խօսքով՝ Միացեալ Նահանգները պիտի կրէ հսկայական վնաս, եթէ ռազմական հակամարտութեան մէջ մտնէ Իրանի հետ:

Յիշեցնենք, որ նախօրէին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Truth Social հարթակին գրած էր. «Մենք ճշգրիտ գիտենք, թէ ուր թաքնուած է այսպէս կոչուած «Գերագոյն առաջնորդը»։ Ան հեշտ թիրախ է, բայց այնտեղ անվտանգ է։ Մենք չենք պատրաստուիր զայն ոչնչացնել (սպաննել), գոնէ առայժմ։ Բայց մենք չենք ուզեր, որ հրթիռներ արձակուին քաղաքացիական անձերու կամ ամերիկացի զինուորներու վրայ։ Մեր համբերութիւնը սկսած է սպառիլ»։