Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւն․
Դպրեվանքի կրթական-ուսումնական 95-րդ տարաշրջանի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 15 Յունիս 2025-ի երեկոյեան ժամը 07։00-ին, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքի շրջափակին մէջ, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի։
Հանդէսին ներկայ էին Կիլիկեան ուխտի միաբան հայրեր, թեմերէն ժամանած առաջնորդներ սրբազան հայրեր եւ ազգային վարչութեանց ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ՝ Դպրեվանքի ուսուցիչներ, կրթական մշակներ, ծնողներ եւ բարերարներ ու բարեկամներ։
Դպրեվանքի քայլերգով ընթացք առաւ ամավերջի հանդէսը։ Աւարտական դասարանի անունով ուղերձ ընթերցեց նորօծ կուսակրօն քահանայ՝ Հոգշ. Տ. Դաւիթ Աբղ. Ասայեան։ Ան գոհութիւն ու փառք յայտնեց Աստուծոյ, որ իր դասընկերն ու ինք արժանացան այս օրուան շնորհքին եւ ապա անդրադարձաւ Դպրեվանքին մէջ իրենց ուռճացման ընթացքին։ Ան ըսաւ, որ Դպրեվանքին մէջ իրենք զարգացան ու աճեցան Տիրոջ շունչով՝ իբրեւ ապագայի մշակներ: Հայր Դաւիթ հաստատեց, որ Դպրեվանքը իրենց համար դարձաւ երկրորդ տուն, իսկ դպրեվանեցիները՝ ընտանիքի անդամներ. ուստի, դիտել տուաւ, որ Դպրեվանքը աւարտելով իր դասընկերն ու ինք պարզապէս կը փակեն կրթական հանգրուան մը, սակայն պիտի շարունակեն խնամքով պահել, սնուցանել ու զարգացնել դպրեվանեցիի ոգին։ Շրջանաւարտ հայր սուրբը ուղերձը աւարտեց երախտագիտութիւն յայտնելով Վեհափառ Հայրապետին, ինչպէս նաեւ անցեալի ու ներկայի տեսչական անդամներուն, ուսուցիչներուն եւ ծնողներուն։
Յիշեալ ուղերձին յաջորդեց գեղարուեստական յայտագիր մը՝ դպրեվանեցիներուն կողմէ պատրաստուած։
Ապա, Դպրեվանքի տեսչութեան խօսքը արտասանեց տեսուչ Գերապատիւ Տ. Պարոյր Ծ. Վրդ. Շէրնէզեան։ Ան ըսաւ. «Այս նուիրական հաստատութիւնը, որ 95 տարուան պատմութիւն ու վաստակ ունի մեր եկեղեցւոյ ու ազգի կեանքին մէջ, ահա այսօր անգամ մը եւս կ՚արձագանգէ մեր համազգային կարիքներուն եւ մեր ժողովուրդի սպասումներուն։ Պատասխանատուութիւն մը, որուն ամբողջացումի մերօրեայ կեանքին անյետաձգելի հրամայականը դարձած է։ Արդարեւ, այս գիտակցութեամբ է, որ Դպրեվանքի տեսչութիւնս եւ ուսուցչական կազմը, Նորին Սրբութիւն Վեհափառ Հայրապետին հովանաւորութեամբ ու իմաստուն առաջնորդութեամբ, լծուած է այս նուիրական առաքելութեան մարմին ու հոգի տալու աշխատանքին»։ Այս առիթով ան գոհութիւն ու փառք վերառաքեց, որ այս տարի եւս, բարիով ու յաջողութեամբ Դպրեվանքը իր աւարտին հասցուց կրթական-ուսումնական տարեշրջանը։ Ապա, իր որդիական երախտագիտութիւնը յայտնելով Վեհափառ Հայրապետին, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնելով Դպրեվանքի առաքելութեան ծառայող տարբեր կազմերուն, անդրադարձաւ Դպրեվանքի տարեշրջանի ընթացքին կատարուած իրադարձութիւններուն։ Ան տեղեկացուց, որ չորս շրջանաւարտներէն Դաւիթ աբեղան արդէ իսկ սկսած է իր կուսակրօն ծառայութեան, Երուանդ Եղիայեան ու Վահէ Ֆիլիքեան սարկաւագները ընտրած են ամուսնացեալ քահանայութեան ուղին եւ ընտանիք կազմելէ ու փորձառական շրջանէ մը ետք պիտի նուիրուին ծխական ծառայութեան, իսկ Հրակ Թաշճեան սարկաւագը ընտրած է աշխարհական կեանքը եւ պիտի շարունակէ իր համալսարանական ուսումը ու անոր ընդմէջէն ծառայէ մեր ազգին ու եկեղեցւոյ։ «Ահա Դպրեվանքը, որ բոլորին կը ներկայանայ իր տուած հունձքով, որուն իւրաքանչիւր անդամը, երկար տարիներու պատրաստութեամբ, առողջ ձեւով կը կազմաւորուի եւ կը նուիրուի մեր եկեղեցիին ու ազգին ծառայական դաշտին», ըսաւ ան։
Խօսքը ուղղելով շրջանաւարտ չորս սարկաւագներուն՝ տեսուչ հայր սուրբը ընդգծեց մեր ժողովուրդի կարիքներուն մատակարարման կարեւորութիւնը՝ մանաւանդ հոգեւոր սնունդի, ազգային արժէքներու, մայրենի լեզուի եւ մշակութային ժառանգութեան։ Ան քաջալերեց զանոնք ուղղուիլ դէպի ժողովուրդ՝ իրենց հետ տանելով Քրիստոսի սէրն ու Աւետարանը, պատմութենէն քաղուած դասերը, հայկական ինքնութեան յատկանիշերն ու Դպրեվանքի ոգիով շեշտաւորուած նկարագիրը։
Իր խօսքի աւարտին հայր Պարոյր անդրադարձաւ Վեհափառ Հայրապետին գահակալութեան 30 ամեակին. «Դպրեվանքի ճամբով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանութեան բանակը երիտասարդ եւ ուսեալ զինուորներով խտացուցիք, Սփիւռքի գուղթներուն գոյատեւումը ապահովեցիք՝ անոնց ընծայելով ամուսնացեալ քահանաներ ու աշխարհական գործիչներ։ 95 տարուան աննկուն աշխատանքին եւ անդադրում ծառայութեան տարիներուն մէկ երրորդը ձեր առաջնորդութեամբ պսակուեցաւ: Այդ տարիներու շրջանաւարտները երախատապարտ աչքերով Ձեզի կը նային, Վեհափառ Տէր։ Մեր Սուրբ Աթոռի ներկայ 63 միաբաններուն 46-ը Ձեր գահակալութեան օրերուն Դպրեվանքէն շրջանաւարտ դառնալով՝ զինուորագրուած են այս սուրբ ուխտի ծառայութեան։ Եւ, ահա, բարի մաղթանքներով, աղօթք կը բարձրացնենք առ Ամենակալը, որ քաջառողջ ու բեղմնառատ օրեր պարգեւէ Ձեզի, որպէսզի Ձեր ճամբով առաւել եւս օրհնուի հայ եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքն ու անոր առաքելութիւնը՝ ի պարծանս հայ եկեղեցւոյ եւ ի վայելումն մերազն ժողովուրդի զաւակներուն»։
Ապա տեսուչը բեմ հրաւիրեց Հայրապետը, որուն ձեռամբ տեղի ունեցաւ վկայականաց բաշխումը։ Վկայականներ ստացան վերոնշեալ աւարտական սաները, իսկ վկայագիրներ՝ Հոգշ. Տ. Մովսէս Աբղ. Եօսուլքանեան ու Հոգշ. Տ. Աբրահամ Աբղ. Ճուլֆայեան, որոնք Յունուար ամսուն անցած էին Կիլիկեան ուխտեալ Միաբանութեան շարքերը եւ այդ իմաստով Դպրեվանքին մէջ հետեւած էին խտացեալ դասընթացքներու։
Հուսկ իր պատգամը ուղղեց Արամ Ա. Կաթողիկոս։ Ան ըսաւ. «Ինծի համար Դպրեվանքի մասին խօսիլ կը նշանակէ խօսիլ իմ կեանքիս մասին։ Իմ ծառայական կեանքիս ամուր հիմքը դրուեցաւ Դպրեվանքին մէջ։ Դպրեվանքը ինծի համար,– եւ ես կը հաւատամ, որ մեր բոլոր միաբան հայրերուն համար,– սովորական դպրոց չեղաւ, այլ՝ ոգի կերտող եւ մեզ դէպի եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին ծառայելու առաջնորդող նոր իմն սրբավայր, եկեղեցւոյ կողքին»։
Հայրապետը լայնօրէն խօսեցաւ Դպրեվանքի առաքելութեան մասին՝ շեշտելով մտաւորական մշակներ եւ Աստուծոյ պատկերին համաձայն մարդ կերտելու վայր ըլլալու իրողութեան մասին։ «Եկեղեցին եւ Դպրեվանքը մեզի համար դարձան մէկ ու անբաժանելի ամբողջութիւն։ Հետեւաբար, բոլոր դպրեվանեցիներուն համար, ինձմէ սկսեալ, Դպրեվանքը երբեք չդարձաւ սոսկ անցեալի յուշ, այլ մնաց մեր կեանքին անբաժան մասը»։
Հայրապետը ապա խորհրդածութեամբ մօտեցաւ ազգի կարիքներուն եւ այդ իմաստով Դպրեվանքին ընծայած առաքելութեան։ Ան յայտնեց, որ դպրեվանեցին կը պատրաստուի ուղղուելու դէպի խորան եւ հոն Սուրբ Հոգւոյ էջքով դառնայ նոր մարդ՝ խորանէն ուղղուելու համար դէպի մեր ժողովուրդին ծառայութիւնը։ «Այսօր մեր ժողովուրդը կը նայի մեզի՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, ի սփիւռս աշխարհի, մեզմէ սպասելով հոգեւոր առաջնորդներ ու հոգեւոր հովիւներ։ Դպրեվանքին դերը, որեւէ ժամանակէն աւելի, այսօր կը տեսնենք հրամայական ու առաջնահերթ։ Հոգեւորականը Դպրեվանքին մէջ է, որ կը պատրաստուի, եւ, հետեւաբար, մեր ժողովուրդի զաւակները բարձրագոյն աստիճանի նախանձախնդրութեամբ, գուրգուրանքով ու հոգածութեամբ իրենց զօրակցութիւնն ու նեցուկը պէտք է յայտնեն Դպրեվանքին։ Եւ ես ուրախ եմ ու հպարտ, որ այսօր այստեղ կը գտնուի ազգային բարերար Ալեքքօ Պէզիքեան, իր զաւակը Զարեհ եւ թոռը՝ Անին։ Այս ընտանիքը առաջիններէն եղաւ, որ տարիներ առաջ Դպրեվանքին համար յատուկ հիմնադրամ հաստատեց, որպէսզի Դպրեվանքը կարողանայ շարունակել իրեն վստահուած հոգեկերտումի ու մարդակերտումի առաքելութիւնը»։
Անդրադառանլով Դպրեվանքի հունձքին՝ Նորին Սուրբ Օծութիւնը ըսաւ, որ հոգեւորականը կոչուած է ծառայ դառնալու՝ նախ Աստուծոյ ու ապա մեր ժողովուրդին. «Ես կ՚ուզեմ, որ մեր բոլոր հոգեւորականները իրենց կեանքով ու գործով, մանաւանդ ծառայութեամբ, շարունակեն վերանորոգ կերպով դառնալ ճշմարիտ ծառաները Աստուծոյ ու մեր ժողովուրդին։ Ահա այսպիսի հոգեւորականներ կերտելու կոչուած է Դպրեվանքը. այսպիսի հոգեւորականներ մեր ժողովուրդին ծառայութեան ղրկելու կոչուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը», եզրափակեց իր պատգամը Վեհափառ Կաթողիկոսը։
Իր խօսքի աւարտին, Արամ Ա. Կաթողիկոս իր բարձր գնահատանքը յայտնեց տեսուչ հայր սուրբին, տեսչական անդամներուն, ուսուցիչներուն եւ Դպրեվանքի բարեկամներուն ու բարերարներուն եւ յարատեւ վերելք ու յաջողութիւն մաղթեց Դպրեվանքին։
Դպրեվանքի 95-րդ կրթական-ուսումնական ամավերջին հանդէսը աւարտեցաւ Հայրապետին «Պահպանիչ» աղօթքով եւ «Կիլիկիա» օրհներգով ու հայրապետական մաղթերգով։