«Արեւելք» (Լոս Անճըլըս),- Christ the King կաթողիկէ եկեղեցւոյ եւ դպրոցին ընտանիքը մեծ ուրախութեամբ կը յայտարարէ, թէ լիբանանահայ կրթական մշակ տիկ. Ռիթա Ժամկոչեան Պոյաճեան նշանակուած է Christ the King կաթողիկէ դպրոցի տնօրէնուհի, 1 Յուլիս 2025-էն սկսեալ:
Ռիթա Պոյաճեան ստացած է Business Administration-ի պսակաւոր գիտութեանց եւ School Administration-Education-ի մագիստրոսական վկայականներ Պէյրութի Ֆրանսական համալսարանէն:
17 տարի վարած է Լիբանանի եւ Լոս Անճըլըսի մէջ հայ Կաթողիկէ վարժարաններու տնօրէնի եւ փոխտնօրէնի պաշտօնը:
Իր պաշտօնավարութեան ընթացքին (Ան տաս տարիով եղած է վարժարանի տնօրէնը), Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարանէն ներս նախաձեռնած եւ իրագործած է նոր բաժանմունքներու բացումը (Գիտական բաժանմունք երկրորդական դասարաններու- Մանկամսուրի դասարան - Արուեստի բաժանմունք - Ուսման Յատուկ Կարիքներ Ունեցող Աշակերտներու բաժանմունք - Ամերիկեան ծրագրի բաժանմունք օտար հպատակութիւն ունեցող աշակերտներուն համար):
Վարած է Պէյրութի Մխիթարեան նորակառոյց վարժարանի հիմնադիր տնօրէնի պաշտօնը, կազմակերպելով հիմնադրութեան շինարարական, վարչական եւ ուսումնական աշխատանքները, ներառելով ֆինլանտական կրթական արդիագոյն մեթոտները:
2021 Օգոստոսին ԱՄՆ փոխադրուելէ ետք 3 տարի վարած է փոխտնօրէնի պաշտօնը Գալիֆորնիոյ Հայ Քոյրերու վարժարանին մէջ:
Հետեւած է զանազան համագումարներու Լիբանանի, Հայաստանի, Նիւ Եորքի, Տուպայի, Յորդանանի, Ֆինլանտայի եւ Լոս Անճըլըսի մէջ:
Պարգեւատրուած է Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց երջանկայիշատակ Տ. Ներսէս-Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս պատրիարքին օրհնութեան գիրով, ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան «Մայրենիի Պաշտպան» Ա. մրցանակով եւ 2023-ին Ֆրանսայի մէջ «Ծագումով Հայեր» նախագիծի «Շարլ Ազնաւուրի մետալ»ով:
Լուրը՝ «Արեւելք»ի