Անդրանիկ Աշճեան․ Կիպրոս
Ես սովորաբար այսպիսի օրեր չեմ նշեր եւ ուշադրութիւն չեմ դարձներ ժամանակակից, արհեստական եւ սպառողական տօներուն, որոնք պարտադրուած են մեզի ընկերային ցանցերու միջոցով։
Բայց վերջին երկու տարիներուն, իմ հետազօտութեան ընթացքին (որ կը նպատակադրէ լոյս ընծայել իմ հանգուցեալ հօր կեանքն ու ժառանգութիւնը), ես սկսայ ճանաչել մարդ մը, որ ուղղակի կամ անուղղակի կերպով, առանց կասկածի, ձեւաւորած է իմ անձս, բնաւորութիւնս եւ էութիւնս։
Կիպրոսի նախկին պետական ներկայացուցիչ Անդրանիկ Աշճեան
Մարդ մը, որ իր կեանքին դժուար պահերուն չընկրկեց, այլ կանգնեցաւ իր պատասխանատուութեան բարձրութեան վրայ եւ թողեց ժառանգութիւն մը՝ իր Ընտանիքին, Ազգին, Եկեղեցւոյն, Համայնքին, մասնագիտական դաշտին եւ ընկերային շրջանակներուն։
Անոր կը պարտիմ իմ կեանքը։
Ան ինծի փոխանցեց անուն մը՝ որ պէտք է բարձր պահեմ ու պատուեմ։
Եւ իր թողած ժառանգութեամբ ես կը շարունակեմ իմ ուղին։