image

«Արաս» հրատարակչատունը լոյս ընծայած է Գրիգոր Պըլտեանի «Ընդառաջում»-ը

«Արաս» հրատարակչատունը լոյս ընծայած է Գրիգոր Պըլտեանի «Ընդառաջում»-ը

«Արաս» հրատարակչատունը լոյս ընծայած է սփիւռքահայ յայտնի մտաւորական Գրիգոր Պըլտեանի կողմէ հեղինակուած «Ընդառաջում» գիրքին, որ հրատարակուած է Խաչիկ Աբէլեանի աջակցութեամբ։

Գիրքը Պըլտեանի քերթողական եւ մտածողական բնոյթով արձակ գրութիւններու հաւաքածոն է, ուր խտացած են յիշողութեան, ներկայութեան, մարմնի ու լեզուի շուրջ պատկերներ ու խորհրդածութիւններ։ Իր չորս բաժիններով, գիրքը ընթերցողը կը խորասուզէ լեզուի երաժշտականութեամբ հարուստ մթնոլորտի մը մէջ, ուր երեւոյթները կ՚անցնին ներշնչանքի ու տարակոյսի ընդմէջէն՝ յառաջացնելով զարմանքի, օտարութեան ու հարազատութեան փորձառութիւն մը։

Այս գիրքը առաջին անգամ սահմանափակ տպաքանակով Երեւանի մէջ հրատարակուած է 2019 թուականին։ «Արաս»ի այժմ հրատարակածը երկրորդ տպագրութիւնն է՝ վերակազմակերպուած ու լրացուած։ Բացի թեքնիք վրէպներու սրբագրութենէն, այս երկրորդ հրատարակութիւնը կ՚ընդգրկէ առաջինէն դուրս մնացած կարգ մը գրութիւններ։

Գործը հրատարակութեան պատրաստած է Քրիստիան Բատիկեան։ Կողքի պատրաստութիւնը եւ էջադրութիւնը իրականացուցած է Վահագն Քէշիշեան։

Գրիգոր Պըլտեան սփիւռքահայ մտաւորական կեանքի սակաւաթիւ տիտաններէն է եւ իրեն նման հեղինակութեան մը գործին Պոլսոյ մէջ հրատարակուիլը կը համարուի առանձնայատուկ ուշադրութեան առարկայ հանգամանք մը։

Ընթերցասէր հասարակութիւնը վստահաբար առիթը կ՚արժեւորէ՝ Գրիգոր Պըլտեանի հիւթեղ գրիչին հաղորդ դառնալու համար։