image

Լիբանան. «Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարան»ի Տիկնանց օժանդակ մարմնի ձեռնարկը

Լիբանան. «Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարան»ի Տիկնանց օժանդակ մարմնի ձեռնարկը

Ազունիէի Հայ ազգային բուժարանի Տիկնանց օժանդակ մարմինին (ԱՏՕՄ) կազմակերպած տարեկան ձեռնարկը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 15 մայիս 2025-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11: 30-ին, Պսալիմ, «Քաունթրի լոճ»-ի մէջ, հովանաւորութեամբ բուժարանի խնամակալութեան, նախագահութեամբ Ալիս Պօղոսեանի:

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք յանձնախումբի ատենապետ Թալին Լախեան մայրերու նուիրուած բանաստեղծութեամբ կատարեց ձեռնարկին բացումը, շնորհակալութիւն յայտնեց օրուան նախագահին, հիւրերուն եւ բոլոր ներկաներուն` իրենց աջակցութեան համար:

Ապա  խօսք առաւ խնամակալութեան ներկայացուցիչ Սօսի Փոլատեան, որ անդրադարձաւ վերջին երեք տարիներուն խնամակալութեան կատարած իրագործումներուն, ինչպէս` մատուռի նորոգութիւն, արեւային վահանակներու զետեղում, պտղատու ծառերու յաւելեալ հոգատարութիւն: Դրուատեց նաեւ ԱՏՕՄ -ի կողմէ կատարուած ընթացիկ տարուան աշխատանքները, ինչպէս` կրօնական ու ազգային տօներուն առիթներով պատսպարեալներուն համար ստեղծուած հաճելի պահերը, գրադարանի մը ստեղծումը եւ հիւրերու համար վարձու տրուելիք սենեակի մը կահաւորումը: Ան տեղեկացուց, որ ձեռնարկին հասոյթը պիտի յատկացուի փոքր վանի մը գնման:

Ձեռնարկի նախագահ Ալիս Պօղոսեան  վերյիշեց իր հայրը` Ցոլակ Թիւթէլեանը, որ երկար տարիներ եղած է բուժարանի խնամակալութեան ատենապետ, պատմեց անոր կապուած յիշատակներուն մասին: Ան շեշտեց, որ իր կապը եւս շատ խոր է բուժարանի պատսպարեալներուն հետ:

Խնամակալութեան ներկայացուցիչները յուշանուէր եւ ծաղկեփունջ յանձնեցին օրուան նախագահուհին:

Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը, ուր ներկայացուեցաւ  խնամակալութեան եւ  ԱՏՕՄ-ի իրագործած ծրագիրները` նկարներով եւ բացատրութիւններով:

Ապա Թալին Լախեան ասմունքեց  «Մօր ձեռքերը» բանաստեղծութիւնը:

Խնամակալութեան անունով երիցուհի Մարիա Պագալեան անդրադարձաւ այն իրականութեան, թէ ինչպիսի՛ դժուարին պայմաններու մէջ Ազգային բուժարանը կանգուն կը պահուի, համատեղ ջանքերով Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ համախմբումին եւ խնամակալութեան: Ան դրուատեց Տիկնանց օժանդակ մարմինի ցարդ իրականացուցած ծրագիրները, տեղեկացուց նաեւ, որ նորակազմ երիտասարդական յանձնախումբը իր առաջին ծրագիրիով գնած է փրոճեքթըր մը, որ հաճելի պահեր պիտի պարգեւէ պատսպարեալներուն: Ան աղօթքով փակեց իր խօսքը:

Իսկական հայկական մշակոյթի վայելքի պահեր ապրեցուցին երիտասարդներէ բաղկացած «Հեքիաթ» խումբին անդամները, որոնք մեկնաբանեցին ժողովրդային եւ ազգագրական սիրուած երգեր:

Այնուհետեւ կատարուեցաւ վիճակաձգութիւն` յունուար-փետրուար 2025-ին ծախուած վիճակահանութեան, բախտաւորուեցան երեք անձեր:

Ձեռնարկի վերջին բաժինով տեղի ունեցաւ օրուան վիճակահանութեան վաճառք: Բախտաւորուեցան ներկաներ` արժէքաւոր նուէրներով:

Ձեռնարկի  հաղորդավարութիւնը կատարեց ԱՏՕՄ-ի յանձնախումբի անդամ Լենա Երէցեան:

Ներկաները խանդավառուած ուրախ եւ հաճելի մթնոլորտէն` կատարեցին սրտաբուխ նուիրատուութիւններ, որոնք պիտի ծառայեն լիբանանահայ կեանքի կարեւոր մէկ կառոյցին` Ազունիէի Հայ ազգային բուժարանին:

 

Լուրը՝ «Ազդակ»էն