Օրերս, Պէյրութի մէջ իր մահկանացուն կնքած է լիբանանահայ հանրածանօթ ազգային բարերար՝ Պրն. Սարգիս Երուանդ Տեմիրճեան։
Պրն. Սարգիս Տեմիրճեան երկար տարիներ ծառայած է մեր ազգին՝ ՀԲԸ Միութեան եւ ՀԵԸ-ի միջոցաւ: Ան եղած է ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան գերագոյն մարմիններու անդամ։
Մահուան բօթին մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ «Զարթօնք»էն։
Ստորեւ՝ աղբիւրի ներկայացուցած մահազդը-.
Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան
Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովը
ՀԲԸՄ-ի եւ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Լիբանանի մեծ ընտանիքը
իր բոլոր յանձնախումբերով, վարչական ու համակիր անդամներով, սրտի խոր կսկիծով կը գուժէ մահը՝
Ազգային բարերար, ՀԲԸ Միութեան բարերար, Կեդրոնական Վարչական Ժողովի (ԱՄՆ) անդամ եւ փոխ նախագահ, Խնամակալ Խորհուրդի (ԱՄՆ) անդամ, երկարամեայ վեթերան ու աւագ վեթերան անդամ, Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովի գանձապահ եւ փոխ ատենապետ, Կրթական Յանձնախումբի անդամ, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Ասպետներու Վարչութեան ատենապետ, տիպար միութենական՝
ՍԱՐԳԻՍ ԵՐՈՒԱՆԴ ՏԵՄԻՐՃԵԱՆԻ
որ պատահեցաւ Կիրակի 8 Յունիս 2025-ին, Պէյրութ։