Գերշ. Տ. Նարեկ եպս. Պէրպէրեան կը գրէ Սուրբ Գրային մտորումներ առնուած Յակոբու 1.19 համարէն:
Ստորեւ «Արեւելք» թարգմանաբար կը ներկայացնէ գրութիւնը՝
«Կեանքի եւ մանաւանդ ծառայութեան ամենամեծ դասերէն մէկը խօսելէ առաջ լսելու ատակութիւնն է: Աստուածաշունչը մեզի կը սորվեցնէ. «Ամէն մարդ թող արագ ըլլայ լսելու մէջ եւ ծանր՝ խօսելու եւ ծանր՝ բարկանալու մէջ» (Յակոբու 1.19):
Այս մէկը պարզապէս խրատ մը չէ. այլ հոգեւոր կարգապահութիւն: Մենք յաճախ արագ ենք խօսելու մէջ՝ առանց իսկապէս հասկնալու դիմացինին միտքը։ Եւ այս բոլորին հետեւանքով մենք կրնանք վիրաւորել մեր խօսակիցին զգացումները, սխալ մեկնաբանել խօսակցութիւնը, աններդաշնակութիւն յառաջացնել եւ նոյնիսկ նեղացնել:
Բայց իսկական սէրը կը սկսի հոգածութեամբ: Լսելը ուշադրութիւն դարձնել է։ Առանց ընդմիջումի յարգել դիմացինին ցաւը, պատմութիւնը կամ լռութիւնը:
Յիսուս մտիկ կ’ընէր. Ան լսեց ջրհորի մօտ գտնուող կնկան , կոյր մարդուն, արցունք թափողին։ Ան երբեք չաճապարեց։ Ես թոյլ տուի, որ մարդիկ խօսին, եւ միայն անկէ ետք իմաստութեամբ եւ ողորմութեամբ պատասխանեցի: Երբ մենք ուշադիր մտիկ կ’ընենք, աւելի իրազեկ եւ խորաթափանց կրնանք արձագանքել: Սուրբ Պատարագի ժամանակ նոյնիսկ մենք կանչուած ենք երկիւղածութեամբ լսելու Աստուծոյ Խօսքը:
Որպէս հոգեւորականներ եւ որպէս քրիստոնեաներ, մենք կանչուած ենք հետեւելու Տէրոջ օրինակին:
Ժամանակի ընթացքին ես սորվեցայ ոչ թէ գիրքերէն, այլ կեանքի փորձառութենէն, որ լսելը եւ մտիկ ընելը յաճախ աւելի բուժիչ է, քան բառերը: Լռութիւնը ընդմիջուելու չէ։ Երբեմն բաւարար է պարզապէս ներկայ ըլլալ։ Եւ ժամանակի ընթացքին Աստուծոյ շնորհքով հասկցայ, որ լսելը կրաւորական գործողութիւն մը չէ, այլ սիրոյ աշխուժ գործօն մը:
Զիս լաւ ճանչցողներ գիտեն, որ ես այնքան ալ արագ արտայայտուող անձ մը չեմ, այլ կը նախընտրեմ լսել եւ անսալ նախքան պատասխանելս: կը հաւատամ, որ լուռ
դիտարկումի ժամանակ մենք կը սկսինք աւելի յստակ տեսնել իրավիճակի խորքը կամ մարդու հոգին:
Լսելը կը պահանջէ կարգապահութիւն, խոնարհութիւն եւ վարժութիւն: Մենք կամաց-կամաց կը վարժուինք լսողներ դառնալ։ Եւ ճիշդ այդ պահերուն մենք կը հասկնանք, թէ ինչ կը նշանակէ արտացոլել Քրիստոսի էութիւնը:
Եկէք այն ընկերութիւնը ըլլանք որ սիրով մտիկ կ’ընէ, Քրիստոսի շնորհքով լեցուած կը խօսի եւ իրար բեռը կարեկցանքով կը կրէ:
Աւարտին եկէք ոչ միայն մեր քարոզներով արտացոլենք Քրիստոս, այլ մեր ներկայութեամբ եւս»։