image

Փաշինեան դատապարտեց Իսրայէլի գրոհը

Փաշինեան դատապարտեց Իսրայէլի գրոհը

Երեւանը կը դատապարտէ Իսրայէլի վերջին յարձակումը Իրանի դէմ, – յայտարարած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ Չեխիոյ մէջ տեղի ունեցող «GLOBSEC 2025» ֆորումի ընթացքին, նախքան անդրադառնալը Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան վերաբերող հարցին։

«Եւ դա հարցականի տակ է դնում այն փխրուն կայունութիւնը, որն ունենք մենք տարածաշրջանում։ Եւ մենք շատ մտահոգ ենք», - ընդգծած է Փաշինեանը:

Աւելի առաջ Հայաստանի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը յայտարարութիւն տարածած էր, նշելով, որ պաշտօնական Երեւանը կը դատապարտէ Իսրայէլի յարձակումը Իրանի դէմ եւ կոչ կ՚ընէ «անմիջապէս դադրեցնելու ռազմական գործողութիւնները ու հաւատարիմ մնալու միջազգային իրաւունքին»։