image

Միասնաբար փրկենք հայերէնը (18)

Միասնաբար փրկենք հայերէնը (18)

Միասնաբար փրկենք հայերէնը (18)

  1. Նախադաս մէջբերուած խօսք




«Այս պահուս   մենք կապի մէջ     ենք

 իշխանութիւններուն հետ: Սա մեր երկխօ-

 

  սութեան մէկ մասն է», ըսած է ան:

 

                                                                   *   *   *

Այս երեք հատուածները  առնուած են, առաջինը՝  Լոս Անճելըսի «Մասիս»-էն (1/3/2025), երկրորդը՝ Աթէնքի «Հայ կեանք»-էն (14/3/2025), երրորդը՝ Քանատայի «Լուսաբաց»-էն (թիւ 1207):

Նախադաս մէջբերուած խօսքի տիպարն են ասոնք, ուր մէջբերուած խօսքը՝ չակերտներու մէջ առնուած,  կը կանխէ հեղինակի խօսքը՝ ըսաւ Գրիգորեան, նշեց Միրզոյեան , ըսած է ան :

Ինչպէս կը նկատենք, մէջբերուած խօսքը հեղինակի խօսքէն տրոհուած՝ անջատուած է, փակուող չակերտէն ետք,  ստորակէտ-գծիկով:

Նախադաս մէջբերուած խօսքի կէտադրութեան ճիշդ ձեւն է այս, որ ընդհան-րապէս անգիտացուած ու անտեսուսծ  է արեւմտահայուն  կողմէ: Գալով թերթերուն՝  որքան ես գիտեմ եւ ի պատիւ իրենց՝ միայն «Մասիս»-ը,  «Հայ կեանք»-ն ու «Լուսաբաց»-ը կը հետեւին այս օրինաւոր  ձեւին:

Մաղթելի  է, որ ան ընդհանրանայ: 

Միայն թէ միութեան գծիկին փոխարէն պէտք է անջատման գիծ դնել, ինչպէս զայն դրած է «Լուսաբաց»-ը:

Ծանօթ.- Ընթացիկ համակարգիչները այս անջատման գիծը չունին ստեղնաշարին վրայ: Հպելով Insert-ին՝ կը ստանաք յունական Ω տառը. այս մէկուն ալ հպելով կը ստանաք անջատման գիծը:

Տէր ընդ ամենեսեանդ. կը յուսամ յուսախաբ չէք ըներ Մ. Մաշտոցը:

  1. Կէտադրութիւն

Վեր. Թութիկեանի մէկ յօդուածին արտատպումները կը կրեն հետեւեալ խայտաբղէտ կէտադրութիւնները.

***Մասիս (22/2/2025)

--Վասակեան իրապաշտութի՞ւն թէ Վարդանեան գաղափարապաշտութի՞ւն 

***Ազդակ (27/2/2025)

--Վասակեան իրապաշտութի՞ւն թէ՞ Վարդանեան գաղափարապաշտութիւն 

***Պայքար (2/3/2025)

--Վասակեան իրապաշտութի՞ւն թէ Վարդանեան գաղափարապաշտութի՞ւն

***Հայրենիք (26/2/2025)

--Վասակեան իրապաշտութի՞ւն, թէ՞ Վարդանեան գաղափարապաշտութիւն

***Ասպարէզ (28/2/2025)

---Վասակեանիրապաշտութի՞ւն,  թէ Վարդանեան գաղափարապաշտութի՞ւն

Կէտադրական այս խաժամուժին մէջ՝ հարց կը ծագի, թէ հեղինակը ճիշդ ինչպէ՞ս կէտադրած էր  իր յօդուածը: 

Մեր կողմէ աւելցնենք, թէ ճիշդ է մի՛այն «Հայրենիք»-ինը:

Իսկ մնացեա՞լը...

3. Հետեւեալը կը պատասխանէ, բայց իրապէս կը պատասխանէ՞..., ձեր 

հարցումին. բաղդատել՝

«Ազդակ», 4/1/2025 Բնագիր

Այսօր տօն է Սուրբ Ծննդեան, աւետիս Այսօր տօն է սուրբ ծննդեան, աւետիս,

Տեառն մերոյ եւ յայտնութեան, աւետիս Տեառն մերոյ եւ յայտնութեան, աւետիս, 

Այսօր արեւն արդարութեան, աւետիս Այսօր արեւն արդարութեան, աւետիս, 

Երեւեցաւ ի մէջ մարդկան, աւետիս Երեւեցաւ ի մէջ մարդկան, աւետիս:

Տողավերջի կէտերը փափուկ ձեռքերով ջնջուած են...

Յօդուածագիրը  չես գիտեր ի՛նչ աղբիւրէ օգտուած է, իսկ հրատարակիչը ոչ իսկ անդրադարձած է գոյութիւն ունեցող կէտադրական աղէտին:

Թող որ կէտադրութիւնը արեւմտահայուն վերջին հոգն է:

Տակաւին հարց կը ծագի, թէ օգտագործուած բնագիրը,  որմէ փոխադրուած է ան թերթին,  ճիշդ կէտադրուա՞ծ էր:

                                                      *   *   *

Թիւեր 2-ով եւ 3-ով բերուած օրինակները ցոյց կու տան, թէ որքան փխրուն կրթանք  է կէտադրութիւնը, ուր կարելի է սխալիլ նոյնիսկ ճիշդ օրինակի ընդօրինակութեան առթիւ: Անուշադրութիւնը, աճապարանքը, հմուտ սրբագրիչի ըմբռնելի պակասը՝ ասոնք բոլոր կ’այլանդակեն  զայն:

4. Նոյնիսկ

Մեր թերթերէն մէկուն մէջ հանդիպեցայ  նոյնի՛սկ  շեշտադրութեան:

Յօդուածը կը կրէր ստորագրութիւնը ծանօթ արուեստաբանի մը եւ փորձառու գրողի մը, որուն յօդուածները  միշտ ալ հաճոյքով կարդացուած են  քիչ մը բոլորիս կողմէ:

Ուրեմն ինչո՞ւ այս սխալը, պիտի հարց տաք:

Որովհետեւ...կիսատ-պռատ սորվեցուցած են անոր. ըսուած է, որ հայերէնի շեշտը կ’իյնայ վերջին վանկի ձայնաւորին վրայ, ու... վե՛րջ:

Չէ ըսուած, որ կան բացառութիւններ, եւ նոյնիսկ-ը անոնցմէ է:

Նոյն-ով սկսող մեծաթիւ բառերուն մէջ ունինք հինգը, որոնք  այս վերջիններէն են:

Այսպէս՝ նո՛յնիսկ, նո՛յնպէս,  նո՛յնպիսի,  նո՛յնչափ, նո՛յնքան : 

Նկատելի է, որ ասոնք  հինգն ալ անյօդակապ բարդութիւններ են:

Իսկ մեծաթիւ ուրիշներ՝ ընդհանրապէս  յօդակապաւոր,  կը կէտադրուին ըստ կանոնի՝ վերջին ձայնաւորին վրայ. թուենք անnնցմէ  մէկ քանին. 

նոյնաբանութի՛ւն նոյնաբնո՛յթ

նոյնադէ՛մ նոյնաձա՛յն

նոյնադաւա՛ն նոյնահո՛ւնչ

Մրցոյթ 17. 

***Ջնջել հետեւեալներուն մակաբոյծ բառերը. 

---Անդրադարձանք վերաշինութեան եւ անոր համար անհրաժեշտ եղող 

բարեկարգումներուն: 

---Միացեալ Նահանգներ կը քննարկեն Լիբանանի կեդրոնական դրամա- 

տան յաջորդ տնօրէնի նշանակումը   հարցը: 

***Կրնա՞ս երկու աւելի կոկիկ ձեւերով ըսել հետեւեալը. 

---Բանակը որդեգրած է բոլոր քայլերը արգիլելու համար զինեալներուն 

Լիբանանեան հողեր մուտքը    գործելը

---Բանակը որդեգրած է բոլոր քայլերը, որպէսզի արգիլէ զինեալներուն Լիբանան մուտքը:

***Գտնել հետեւեալին անհամասեռութիւնն ու սրբագրել զայն. 

---Այս անգամ հետը տարաւ հիւանդ կինը եւ միամեայ աղջկան   աղջիկը

***Սրբագր է՛ հետեւեալին քերականական եւ շարադասական սխալները: 

---Այն, ինչ որ արեւելեան սահմաններուն վրայ տեղի կ’ունենան, չի կրնար 

շարունակուիլ: 

---Չի կրնար շարունակուիլ այն, ինչ որ տեղի կ’ունենայ   արեւելեան սահմաններուն վրայ:

 

Ճիշդ պատասխանած են՝ Գէորգ Եազըճեան (9), Միրնա Սիւլիւքճեան (7), Ցոլակ Ապտալեան (7), Համբարձում Յարթունեան (5), Դանիէլ Թիւֆենքճեան (8), Պերճ Տէր Սահակեան (7), Եփրեմ Թոքճեան (8): 

 

Մրցոյթ 18

***Ինչպէ՞ս կը դարմանես հետեւեալներուն կրկնաբանութիւնները.

---Այսպիսի զղջում մը որքա՞ն արդար զղջում կարելի է համարել, քանի որ ան ստիպողական զղջում մըն է եւ ո՛չ՝ կամաւոր… (Ժամանակ,18/3/2025, էջ 2):

---Որդեգրելու համար նոր խումբ մը նշանակումներու, որոնց ամէնէն նշանակալիցը  Կեդրոնական դրամատան  կառավարիչի նշանակումն է (Ազդակ, 20/3/2025, էջ 2):

***Կրնա՞ս  «Ազդակ»-ի հետեւեալ մահերգը վերածել յաղթերգի.

---Սպիտակ տունը յայտարարեց. «Համաս գերիները ազատ արձակել մերժելով պատերազմը ընտրեց» (19/3/2025, էջ 8):

***Հետեւեալներուն մէջ մէկական  բառ փոփոխութեան կը կարօտի.

---Երեսուն հինգ տարիէ ի վեր առաջին անգամ ըլլալով Լիբանան ազատագրուած է որեւէ հոգատարութենէ («Ազդակ», 21/3/2025, էջ 2):

---Այսօր իբրեւ լիբանանցիներ՝ մենք կրնանք որոշել՝ որոշումը դուրսէն գալու փոխարէն (անդ):                                                                   



Արմենակ Եղիայեան
Armenag@gmail.com