Մայր Աթոռի մէջ իր կատարած յայտարարութիւններէն անմիջապէս ետք ՀՀ իրաւապահ մարմիններ բերման ենթարկած են Ռուսահայ յայտնի գործարար Սամուէլ Կարապետեանը։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւններ քաղեց հայրենի լրաստփիւռներէ։
Եղելութեան մասին ՀՀ ՆԳՆ-ն հանդէս եկած էր հակիրճ յայտարարութեամբ, նշելով թէ «գործարար, «Տաշիր գրուպ» ձեռնարկութեան սեփականատէր Սամուէլ Կարապետեան խումբ մը անձերու հետ բերման ենթարկուած է»։
Ի դէպ այս պահուն մեծ թիւով քաղաքացիներ հաւաքուած են Կարապետեանի բնակարանին առջեւ եւ լուրեր շրջան կ՚ընեն, որ վերջինս կը գտնուի բնակարանէն ներս ու չի բացառուիր, որ ան ձերբակալուի։
Յիշեցնենք, որ Կարապետեան եկեղեցին պաշտպանելու դերով հանդէս եկած էր ու Մայր Աթոռ իր այցէն ետք կատարած էր յայտարարութիւն։
Ան մասնաւորապէս ըսած էր ՝ «Հայ ժողովրդի սրբութիւնների համար պայքարելու եմ իմ ողջ ուժով, ուր էլ լինեմ, ինչ էլ որ լինի, թոյլ չեմ տալու, որ որեւէ մէկը, իր որեւէ նպատակ հետապնդելով, յօշոտի մեր սրբութիւնները»։
Նշենք, որ գործարարն այսօր յայտարարած էր, որ փոքրիկ խմբակ մը, մոռնալով հայոց պատմութիւնը, հայ եկեղեցւոյ հազարաւոր տարիներու պատմութիւնը, յարձակած է հայ եկեղեցւոյ վրայ, հայ ժողովուրդի վրայ։
«Ես միշտ եղել եմ հայոց եկեղեցու կողքին ու հայ ժողովրդի կողքին։ Եթէ քաղաքական գործիչներին չյաջողուի, ապա մենք մեր ձեւով ենք միջամտելու եկեղեցու դէմ արշաւին»,-նշած է Կարապետեանը: