image
Հրատապ լուրեր:

Ռուսաց դեսպան. Հեռու մնալ լարուածութիւն ստեղծելէ

Ռուսաց դեսպան. Հեռու մնալ լարուածութիւն ստեղծելէ

Մենք կը մեկնինք անկէ, որ ձեռք բերուած բոլոր պայմանաւորուածութիւնները պէտք է խստօրէն կատարուին։ Այս մասին, մեկնաբանելով վերջերս ատրպէյճանցիներու կողմէ Սոթքի հանքավայրի գնդակոծութիւնը, որուն հետեւանքով վիրաւորուած էր հանքի աշխատակիցներէն մէկը, ըսաւ Հայաստանի մէջ Ռուսաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սերկէյ Քոփիրքինը:

«Բոլորը պէտք է խուսափին քայլերէ, որոնք կրնան սրել իրավիճակը, անոր մագլցողութեան վտանգ յառաջացնել։ Մեր վերաբերմունքը բոլոր նման իրադարձութիւններուն պայմանաւորուած է այս մօտեցումներով։ Ի հարկէ, մենք շահագրգռուած ենք, որ հանքը բնական ու անխափան գործէ։ Ընկերային առումով այդ շատ կարեւոր է Հայաստանի Հանրապետութեան համար», նշեց դեսպանը։