Նշենք, որ արդէն օրեր շարունակ Ստեփանծմինդա-Լարս ճանապարհը ձիւնահիւսքի վտանգի պատճառով փակ է բոլոր տեսակի մեքենաներու համար: Փոխադրումներ իրականացնող բեռնատար մեքենաներու շարասիւնը քանի մը քիլոմեթր կը կազմէ, ռուսական կողմին վրայ, այսօրուայ տուեալներով, վերջին 3 օրուան մէջ 428 բեռնատար կայ կուտակուած:
Դէպքը տեղի ունեցած է սահմանային հատուածին՝ չէզոք գօտիի վարյ՝ ռազմավարական ճանապարհի սահմանային անցակէտի մօտ: Վիճաբանած են տարբեր ազգութիւններու վարորդներ: Վիճաբանութեան հետեւանքով թրքական ծագման վարորդը սպանած է հայուն, դէպքի վայր մեկնած են վրաց իրաւապահները:
ՌԴ ՆԳՆ Հիւսիսային Օսեթիոյ սահմանային անցակէտէն չեն հաստատած միջադէպի մասին տեղեկութիւնը, բայց չեն ալ հերքած: Վրաստանի ՆԳՆ-ն դեռ մեկնաբանութիւններ չէ ըրած: