Ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի զինծառայողները հասարակական կազմակերպութիւններու բարեգործներուն հետ միասին մարդասիրական գործ իրականացուցած են Լեռնային Ղարաբաղի Մարտակերտի շրջանին մէջ տեղահանուած երեխաներու համար: Այս մասին ըսուած է ՌԴ Պաշտպանութեան Նախարարութեան տեղեկագիրով:
«Այսօր մարդասիրական գործ տեղի ունեցած է ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի հասարակական ընդունարանը՝ նախատեսուած Մարտակերտի շրջանի երեխաներուն համար: Անոնց տրամադրուած է քաղցրաւենիք եւ 20 խաղալիք, կը նախատեսուի նաեւ յաջորդ շաբաթ մարդասիրական գործ իրականացնել Կոճողոտ եւ Չարեքտար համայնքներուն մէջ»,- յայտնած է խաղաղապահ զօրակազմի ներկայացուցիչ՝ Ալեքսանդր Քուտրին: