image

Հայկական երեսփոխանական գրասենեակի նեցուկը՝ Հարաւի գաղթականներուն (Լուսանկարներ)

Հայկական երեսփոխանական գրասենեակի նեցուկը՝ Հարաւի գաղթականներուն (Լուսանկարներ)

Հայկական երեսփոխանական գրասենեակը երէկ Նապաայի «Շէյխ Ֆարհաթ» կեդրոնին մէջ օժանդակութիւններ յանձնած է իսրայէլեան յարձակումներուն պատճառով տեղահանուած եւ Պուրճ Համուտ ապաստանած լիբանանցի լիբանանցիներուն:

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց Պէյրութի մեր պաշտօնակից՝ «Ազդակ»էն։

Ստորեւ թղթակցութիւնը ամբողջութեամբ՝

Հայկական երեսփոխանական գրասենեակը երէկ Նապաայի «Շէյխ Ֆարհաթ» կեդրոնին մէջ օժանդակութիւններ յանձնեց Պուրճ Համուտ ապաստանած լիբանանցի տեղահանուածներուն:

Օժանդակութիւններու տրամադրումը մաս կը կազմէր Ազգային առաջնորդարանին, հայկական միութենական ու բարեսիրական կազմակերպութիւններու կողմէ այս առումով կատարուող ընդհանուր աշխատանքին:

Նապաայի «Շէյխ Ֆարհաթ» կեդրոնի պատասխանատու շէյխ Զէյտ Ֆարհաթ այս առիթով յայտնեց. «Այս այցելութիւնը շատ բնական է: Մենք եւ մեր հայ եղբայրները մէկ ճակատագիր ունինք եւ մէկ ձեռք ենք, եւ Լիբանանի մէջ անցեալին պատահած բոլոր դէպքերուն ընթացքին ու մինչեւ հիմա երբեք իրարմէ չենք բաժնուած:

«Գիտէինք, որ բարեգործութեան մէջ յառաջատար եղող երեսփոխան Բագրատունին այս քայլին պիտի դիմէ: Մենք շնորհակալութիւն կը յայտնենք այս գեղեցիկ նախաձեռնութեան համար: Պարզապէս անոր ներկայութիւնը եւ մեր նկատմամբ կարեկցանքը մեզ կը քաջալերէ»:

«Մենք միագոյն Լիբանան չենք ուզեր, այլ իր բազմազանութեամբ, իր բոլոր համայնքներով Լիբանանը, եւ կը նախատեսեմ, որ ներկայ տառապանքներուն ու ցաւի աւարտին, Աստուած ուզէ, լիբանանցիներու միասնականութեամբ մեզի պայծառ եւ բարգաւաճ ապագայ մը կը սպասէ», նշեց շէյխ Ֆարհաթ:

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի իր կարգին այս առիթով յայտնեց, որ «Լիբանանի ժողովուրդին միասնականութեան համար ամէն ջանք պէտք է թափուի»` աւելցնելով. «Ցաւը համապարփակ է, եւ Իսրայէլի շղթայազերծած պատերազմը բոլոր լիբանանցիներուն դէմ է»:

«Քիչ առաջ կեդրոնի պատասխանատուներուն հետ հանդիպումի ընթացքին ներկաներէն մէկը նշեց. «2006-ին ալ այս կեդրոն այցելած էք»: Ատկէ առաջ ալ պատերազմներու ընթացքին մենք երբեք ետ չենք կանգնած նման դժուար պարագաներու մէջ գտնուողներուն ձեռք երկարելէ: Սակայն այս անգամ պատերազմը շատ աւելի ահաւոր ու մեծ է, եւ գաղթականներուն թիւը` շատ աւելի հսկայական:

«Նախ եւ առաջ կը մեկնինք այն իրականութենէն, որ անոնք գաղթականներ են, որոնք մեր հայրենակիցներն են, մեր համաքաղաքացիներն են, եւ այն, ինչ որ անոնց կը պատահի, մեզի կը պատահի: Երկրորդ` մարդկային իմաստով, մենք չենք կրնար անտարբեր մնալ ի տես մարդասիրական այս կացութեան: Հետեւաբար նախքան պատերազմին շղթայազերծուիլը մենք քանի մը առիթներով, թէ՛ ազգային կառոյցներու հետ, թէ՛ միջկուսակցական մեր ժողովներուն ընթացքին նախատեսած էինք, որ այսպիսի կացութիւն կրնայ ստեղծուիլ, եւ որոշ պատրաստութիւններ տեսած էինք:

«Այսօր մեր կատարածը պարզապէս մէկ օղակն է այն հսկայ աշխատանքին, որ արդէն սկսաւ նախ եւ առաջ Ազգային առաջնորդարանը, որ իր օժանդակութիւնները բաժնեց Պուրճ Համուտի մէջ գտնուող հինգ հիմնական կեդրոններու: ԼՕԽ-ը թէ՛ բժշկական խնամք կ՛ապահովէ, թէ՛ այցելութիւններ կու տայ գաղթականներ պատսպարող կեդրոններու, թէ՛ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» կեդրոնին մէջ անհրաժեշտը կը կատարէ: Մեր միւս բարեսիրական միութիւնները, մեր միւս դարմանատուները եւս իրենց կարելին կ՛ընեն: Ասիկա ընդհանրական, մէկ ձեռք ըլլալու կամքի արտայայտութիւն է:

«Օժանդակութիւնները անպայման բարձրաձայն եւ պատկերասփիւռի կայաններու համար չեն ըլլար, այլ` հիմնական նպատակին հասնելու համար: Մենք ուզեցինք, թէեւ ոչ առաջին անգամ ըլլալով, հոս այցելել, որովհետեւ մեծագոյն կեդրոնն է, եւ այս տեղէն է, որ օժանդակութիւնները կը բաշխուին այլ կեդրոններու: Եւ որպէսզի չանհանգստացնենք այլ կեդրոններու եւ դպրոցներու մէջ գտնուողները, նախընտրեցինք հոս, իբրեւ հիմնական կեդրոն այցելել:

«Կ՛ենթադրեմ, որ ցոյց տուինք մեր միասնականութիւնը: Երանի այս բոլորը տեղի չունենային, եւ այլ ձեւերով մենք` կարենայինք բոլոր լիբանանցիներուն յայտնել մեր միասնականութիւնն ու զօրակցութիւնը: Վերջին հաշուով, մենք` իբրեւ լիբանանցիներ, մենք մեզի է, որ կ՛օգնենք եւ ոչ թէ` տեղահանուածներուն», եզրափակեց երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի: