image

Նիւ Եորքի մէջ. Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ նիւթական նեցուկը՝ Ազգային Առաջնորդարանին

Նիւ Եորքի մէջ. Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ  նիւթական նեցուկը՝ Ազգային Առաջնորդարանին

 Տօնական ուրախութիւնը  յաւելեալ  փայլ մը ստացած  է, երբ  Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ  ԱՄՆ Արեւելեան Թեմի  մեծ ընտանիքին  կեդրոնական մարմիններէն հանդիսացող  Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ ընտանիքը իր նիւթական  աջակցութիւնը  ցուցաբերած է Ազգային Առաջնորդարանին։

Ասոր մասին  «Արեւելք» տեղեկութիւն  քաղեց   համացանցէն։

 Մասնաւորապէս կը նշուի, որ  Թեմակալ Առաջնորդ Գերշ.  Տ.  Անուշաւան  արք. Դանիէլեան  10.000  ամն տոլարի չէք մը ստացած է   Եկեղեցւոյ եռանդուն եւ գործունեայ  հոգեւոր հովի, բնիկ Մուսալեռցի Արժ. Տ. Մեսրոպ քհնյ.  Լագիսեանէն  ու նաեւ  Եկեղեցւոյ Թաղական Խորհուրդի ատենապետ  Տիար  Արմէն Մորեանէն։

 Կը նշուի նաեւ, որ այս  գումարը պիտի համալրէ  անցնող Դեկտեմբեր  ամսուան ընթացքին Թեմէն ներս ընթացք առած  նիւթական հանգանականութիւները, որոնք     պիտի ուղղուին, ինչպէս  Թեմի, այնպէս ալ  Հայաստանի Թեմական  ծրագիրներու յաջողութեան   եւ   Սուրիոյ ու  Լիբանանի վիրաւոր   հայագաղութներուն  անմիջական պէտքերուն հասնելու  համար։